ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները կը պատրաստուին իրականացնել իրենց հերթական այցելութիւնը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան տարածքաշրջան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ռուս համանախագահ Իկոր Փոփով տեղեկացուց, թէ անցեալ Փետրուարին կայացած իրենց այցելութենէն վերջ միջնորդները յառաջիկայ Մայիսին կամ Յունիսին վերստին պիտի այցելեն տարածքաշրջան։