ԴՐԱԿԱՆ ԽՕՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ամիր Ապտուլլահիան եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Թեհրան-Պաքու առանցքին վրայ վերջին շրջանին տարակարծութիւններ եւ լարուածութիւն կը նկատուին տարածաշրջանային իրադարձութիւններու բերումով։
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը միշտ կը շարունակուի։ Երէկ երեկոյեան Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը դարձեալ կրակ բացին Հայաստանի սահմանի դիրքերուն վրայ։
Մեծն եօթնեակի (G-7) երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները ժողով մը գումարեցին Ճաբոնի մէջ։ Միջազգային աղբիւրները լայնօրէն արձագանգ կը հանդիսանան այս հաւաքին, որու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Ուքրայնայի կացութիւնը։
Անթալիոյ մէջ այս օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոպայի Մարմնամարզի առաջնութիւնը։ Շաբաթավերջին այս մրցաշարքի շրջանակներէն ներս ոսկէ մետայլ նուաճեց Հայաստանի ներկայացուցիչներէն Արթուր Դաւթեան։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Սամարղանտի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։
Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարներուն շփումները միշտ փոխըմբռնումով կ՚ընթանան:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է յայտնի բանասէր Վարդան Դեւրիկեան։ Բօթը, որ խոր ցաւ յառաջացուցած է, կը նշանակէ հայկական գիտական աշխարհին տեսակէտէ լուրջ կորուստ մը։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահ երկրի՝ Հիւսիսային Մակեդոնիայի արտաքին գործոց նախարար Պույար Օսմանին:
Հայաստանի փոխ-վարչապետ Մհեր Գրիգորեան վերջին օրերուն շփումներ կ՚ունենայ Ուաշինկթընի մէջ։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու ղեկավարութենէն բազմաթիւ դէմքերու հետ քննարկումներ կը ծաւալէ փոխ-վարչապետը։
Երէկ, Էօզպեքիստանի տանտիրութեամբ, Աֆղանիստանի հարեւան երկիրներու չորրորդ նախարարական համաժողովը տեղի ունեցաւ Սամարղանտի մէջ։ Այս ծիրէն ներս կազմակերպուեցաւ նաեւ տարածաշրջանային քառեակի երկիրներու՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Իրանի եւ Փաքիստանի արտաքին գործոց նախարարներուն անպաշտօն հանդիպումը, որ երրորդն էր իր նմաններու շարքին։