ՊՐԻՒՔՍԵԼԻ ՄԷՋ ԶՐՈՅՑ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին եւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Ճուանշէր Պուրչուլածէ երէկ հանդիպում մը ունեցան Պրիւքսելի մէջ։ Թիֆլիզի աղբիւրներու հաղորդումներով, հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան համաշխարհային անվտանգութեան վերաբերեալ մարտահրաւէրները։