ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՍՊԱՍԷ ՀԵՐՑՈՔԻՆ
Թուրքիա-Իսրայէլ յարաբերութիւններուն մէջ վերջին շրջանին նկատելի է մթնոլորտի փոփոխութիւն։ Վերջին տարիներու իրերայաջորդ վերիվայրումներէն վերջ, այժմ կողմերու միջեւ սկսած է ձիւնահալ մը, ինչ որ այս շրջանին կը զուգորդուի երկու երկիրներու նախագահներու իրերայաջորդ հեռախօսազրոյցներով։