ՔԻՉ ՄԸ ԵՒՍ ԺԱՄԱՆԱԿ ՊԷՏՔ Է
Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտնեց, որ համայնքային վաքըֆներու առկախեալ ընտրութեան հարցին լուծումը քիչ մը եւս ժամանակի կրնայ կարօտիլ։ Մօտաւոր անցեալին Իզմիրի մէջ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը ընթացքին Ուսթապաշը տեղեկացուցած էր, որ պատրաստուած նոր կանոնադրութեան նախագիծը իրեն ցոյց տրուած է եւ ինք պատկան մարմիններու նկատառման յանձնած է որոշ դիտարկումներ։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տքթ. Հրաչ Չիլինկիրեանի վերահսկողութեան ներքեւ աշխարհի հայաշատ կեդրոններէն ներս հետազօտական աշխատանք կ՚իրականացուի հաւաքական տրամադրութիւններու, մտածելակերպի եւ առաջնահերթութիւններու յստակեցման տեսակէտէ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ տեղեկացուց, որ յառաջիկայ շրջանին Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ շարք մը շփումներ կը նախատեսուին։ «Յառաջիկային կը նախատեսուի մեր ներկայացուցիչներու հանդիպումը սահմանազատման, սահմանագծման հարցով եւ արտաքին գործոց նախարարները հանդիպում կ՚ունենան», երէկ յայտնեց Նիկոլ Փաշինեան Հոլանտայի Միջազգային յարաբերութիւններու կաճառէն ներս ունեցած ելոյթին ժամանակ։
Դժուար է բազմութեան մէջ, երբեմն նաեւ տհաճ։ Բարդ է ընթանալ բազմութեան մէջ՝ առանց կողմնորոշումը շուարելու։ Բազմութիւնը նման է հոսանքի մը, որուն դէմ թիավարելը կը թուի ըլլալ անկարելի։ Բազմութիւնը մարդը կը շեղէ ուղղութենէն։
Վաքըֆներու շաբթուան ծիրէն ներս, երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի յունաց Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ հիւրընկալմամբ տեղի ունեցաւ փոքրամասնութիւններու վերաբերեալ ձեռնարկ մը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան երէկ մէկտեղուեցաւ Երեւանի մօտ հաւատարմագրուած շարք մը դեսպաններու հետ։ Մինչ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը կը շարունակէ միջազգային ուշադրութեան առարկայ դառնալ, Երեւան բոլոր հարթութիւններու վրայ Անգարայի հետ տարած աշխատանքին շուրջ կը լուսաբանէ միջազգային գործընկերները։
Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտնեց, որ Պաքու Երեւանին առաջարկած է սահմանազատման յանձնաժողովը ստեղծել վարչապետի մակարդակով։ Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպման ընթացքին որոշուած էր սահմանազատման հարցերով եւ սահմանային անվտանգութեան համար յանձնաժողով մը ստեղծել։
Քիեւ կը պնդէ, որ Մոսկուայի դէմ Արեւմուտքի կողմէ հաստատուած պատժամիջոցները կը շրջանցուին Հարաւային Կովկասի երկիրներուն միջոցաւ: Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը աստիճանաբար նոր իրավիճակի մը ծնունդ կու տայ համաշխարհային տնտեսութեան տեսակէտէ, մարդուժի հարցերով հանդերձ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ