ԱՄՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀ ՆՇԱՆԱԿԵՑ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻՆ ՀԱՄԱՐ
Ուաշինկթընի կողմէ նոր համանախագահ մը նշանակուեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակին համար։ Այսպէս, վերջին տարիներուն այդ դիրքը զբաղեցուցած Էնտրու Շեֆըրին կը յաջորդէ Լորա Հոչլա, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Պետական քարտուղարութենէն ներս Կովկասի եւ տարածաշրջանային հակամարտութիւններու հարցերով գրասենեակի տնօրէնն է։
Գանատա որոշեց Հայաստանի մէջ բանալ դեսպանատուն մը։ Այս կապակցութեամբ ընկերային ցանցերու վրայ գրառումով մը հանդէս եկաւ Գանատայի Արտաքին գործոց նախարար Մելանի Ճոլի, որու խօսքով՝ այս քայլը թոյլ պիտի տայ աւելի ամուր կապեր հաստատել երկու երկիրներու միջեւ ու մեծցնել աջակցութիւնը Հայաստանի ժողովրդավարութեան ի նպաստ։
Հայաստանէն յունահռոմէական ոճի ըմբիշ Սուրէն Աղաջանեան դարձաւ Եւրոպայի ախոյեան։ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի առաջնութիւնը։
Կանաչը կենսունակութեան, յարատեւութեան գոյնն է։ Ծառը կեանքի նշան է։ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցն ալ կեանքի ծառը ջրելու ուղղեալ կոթող մըն է։
Թրքահայ վաքըֆներու միութեան (ԹՎՄ-ERVAB) քարտուղարութիւնը երէկ յետմիջօրէին պաշտօնապէս տեղեկացուց, թէ համայնքային հաստատութիւնները ընդհանուր ըմբռնումի մը հասած են եւ ընտրական նոր կանոնադրութեան համար որոշած՝ ստեղծել ընտրական մարմիններ։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ այսօր Մատրիտի մէջ կը սկսի ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը, որ բացառիկ նշանակութիւն ունի՝ միջազգային առկայ իրադրութեան բերումով։ Երբ պատերազմը հրատապ օրակարգ դարձած է, միջոցէ մը ի վեր օրակարգի վրայ է Շուէտի եւ Ֆինլանտիոյ դաշինքին անդամակցութիւնը։
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան երէկ շփումներ ունեցաւ Փարիզի մէջ։ Այսպէս, ան տեսակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ֆրանսացի համանախագահ Պրիս Ռոքֆէօյի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան մայրցամաքային Եւրոպայի վարչութեան տնօրէն Ֆրէտէրիք Մոնթոլոյի եւ նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի դիւանագիտական խորհրդական Իզապէլ Տիւմոյի հետ։
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի հոգաբարձուներու խորհուրդի 31-րդ ժողովը՝ Երեւանի մէջ:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցը ունի առանձնայատուկ մթնոլորտ՝ մէկ կողմէ նուիրական, միւս կողմէ կենսանորոգ։ Համալիրը ունի իր պատկառանքը՝ որ իւրաքանչիւր վերանորոգութենէ կամ բարեզարդումէ յետոյ ի յայտ կու գայ նորովի։
Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս այս առաւօտեան դրութեամբ կարեւոր հրապարակում մը կատարուեցաւ։ Այսպէս, յայտնի են Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի նոր հանդիպման վայրն ու թուականը։