ԶՈՀԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՐԴԷՆ 16
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս պատահած պայթումին հետեւանքով մահացածներու շարքին կը գտնուին օտարերկրեայ քաղաքացիներ:
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն անյետաձգելի գործողութիւններով կը ջանայ պարզել ահաւոր դէպքին մանրամասնութիւնները. կան նաեւ հարցաքննուածներ, արտակարգ իրավիճակներու նախարարը կը բացառէ ահաբեկչութեան հաւանականութիւնը: Առողջապահութեան նախարարը տեղեկացուց, որ մասնագէտները բաւարար կը համարեն վիրաւորներու կացութիւնը:
Երեւանի կեդրոնի սարսափելի պայթումի զոհերուն համար պիտի հռչակուի սուգի օր մը։
Երեւանի «Սուրմալու» մեծածախ առեւտուրի կեդրոնի համալիրէն ներս երէկ պատահած սարսափելի պայթումը խլեց զոհեր, կան նաեւ վիրաւորներ եւ կորսուածներ:
Երեւանի «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնին մէջ երէկ պատահած ահաւոր դէպքը արձագանգ գտաւ նաեւ Անգարայի մէջ։ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացէն ներս Թուրքիոյ յատուկ ներկայացուցիչը՝ դեսպան Սերտար Քըլըչ այս կապակցութեամբ գրառումով մը հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ այցելեց դէպքի վայր։ «Սուրմալու» առեւտուրի կեդրոնի տարածքէն ներս վարչապետը տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ ստեղծուած իրավիճակին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔՀՆՅ. ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացը կը շարունակուի կողմերու յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի անմիջական շփումներով։ Անգարա-Երեւան առանցքին վրայ շուրջ ութ ամիսէ ի վեր աշխատանքներ յառաջ կը տարուին՝ յատուկ ներկայացուցիչներու մակարդակով։
Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքը Ֆէնէրի մէջ հիւրընկալած է Ուղղափառ եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի առաջնորդ Էլփիտոփորոս Մետրապոլիտը։ Այս հանդիպումը տեղական մամուլին մէջ ալ արձագանգ ստեղծած է։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին տարածաշրջանային զարգացումներուն եւ անվտանգութեան մարտահրաւէրներու վերաբերեալ հարցեր։