«ՈՒՐԲԱԹ, ՇԱԲԱԹ, ԿԻՐԱԿԻ»
Իզմիրի մէջ կազմակերպուած, Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններու հարցերուն վերաբերեալ աշխատաժողովը այսօր կ՚եզրափակուի։ Եւրոմիութեան քաղաքացիական հասարակութեան խրախուսման ուղղեալ ծրագիրներու շրջանակին մաս կազմած է այս աշխատաժողովը, որու շրջանակներէն ներս երէկ բացուեցաւ «Ուրբաթ, շաբաթ, կիրակի» խորագրեալ յայտնի ցուցահանդէսը։
Մկրտիչ Արծիւեան կը տեղեկացնէ Իզմիրէն.-
Հանրապետութեան նախագահը եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը քննարկեցին պատերազմի ընթացքը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ Նոր Տելհիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հնդկաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սուպրահմանեամ Ճայշանքարի հետ։ Այս վերջինը անցեալ տարուայ աշնան այցելած էր Երեւան։
Հայաստանի ընդդիմութիւնը այս շրջանին ծնունդ տուած է բողոքի նոր ալիքի մը, որ վառ դրսեւորումներ կ՚ունենայ՝ մանաւանդ մայրաքաղաք Երեւանի կեդրոնին մէջ։ Ընդդիմութիւնը ահազանգ կը հնչեցնէ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան հաստատման որոնումներու մթնոլորտին մէջ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութեան շուրջ։
Թեհրանի մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Աւագեան երէկ իր հաւատարմագիրը յանձնեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռաիսիին։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին Ռաիսի յոյս յայտնեց, թէ նորանշանակ դեսպանի պաշտօնավարութեան շրջանին էական յառաջընթաց կ՚արձանագրուի հարեւան ու բարեկամ երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն մէջ։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարի՝ Հայաստան-Ատրպէյճան յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովայեւ երէկ շփումներ ունեցաւ Պաքուի մէջ։ Ան, միեւնոյն ժամանակ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս համանախագահն է։
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը արդէն երկու ամիսէ ընթացքի մէջ է։ Սա միջազգային հրատապ օրակարգ դարձած է թէ՛ մարդասիրական ծանր հետեւանքներով եւ թէ համաշխարհային անվտանգութեան համակարգին հասցուցած լուրջ հարուածներով։ Շաբաթներէ ի վեր խաղաղութեան որոնումները կը շարունակուին, սակայն, ապարդիւն։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ապրիլի 24-ի առթիւ տեւականացուց վերջին տարիներուն ձեւաւորուած նախընթացը՝ հրապարակելով պատգամ մը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ։
Ապրիլի 24-ը այս տարի եւս Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին պատճառ դարձաւ լարուածութեան։ Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն ոգեկոչման պատգամին մէջ 1915-ի դէպքերը որակեց ցեղասպանութիւն, ինչ որ Թուրքիոյ բուռն հակազդեցութեան պատճառ դարձաւ։