ԱՆԵԼ ԵՒ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Պաշտօնական այցելութիւն. Հայաստանի վարչապետն ու Ռուսաստանի նախագահը այսօր ժամադրուած են Մոսկուայի մէջ:
Նիկոլ Փաշինեան Վլատիմիր Փութինի հետ հանդիպման ընդառաջ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Շարլ Միշելի հետ: Արցախը միշտ տաք օրակարգ:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ Հայաստանի մտաւորականութեան կարկառուն ներկայացուցիչներէն Վահան Իշխանեան կնքած է իր մահկանացուն։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այսօր կ՚այցելէ մայրաքաղաք Անգարա։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած է մասնակցելու՝ Պեշթեփէի համալիրէն ներս, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած իֆթարի հաւաքոյթին։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին երէկ մեծ շուքով տօնախմբեց Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Ս. Յարութիւնը։ Տօնական աւետիսով ղօղանջեցին եկեղեցիներու զանգակները եւ Հայ Եկեղեցւոյ աշխարհացրիւ հօտի զաւակները զիրար ողջունեցին՝ «Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց» աւետիսով։
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմի մթնոլորտին մէջ, երէկ, Սեւ ծովէ ներս զգայացունց իրադարձութիւն մը տեղի ունեցաւ, ինչ որ լայն արձագանգ գտաւ միջազգային լրահոսին վրայ։ Այսպէս, Ռուսաստանի նաւատորմի կարեւորագոյն ռազմանաւերէն «Մոսկուա»ն ընկղմեցաւ՝ սաստիկ պայթումներէ վերջ։
Eurasianet-ի մեկնաբանութիւնը. Ուքրայնայի պատերազմը ինչպէ՞ս կ՚անդրադառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վրայ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Շիշլի մարզակումբի ընտանիքէն բազմանդամ խումբ մը։ Այսպէս, Գումգաբու փութացին ատենապետ Ալէն Թեքպըչաքի գլխաւորութեամբ վարչութեան անդամներ, ինչպէս նաեւ Շիշլիի կողմէ կազմակերպուած մարզական դասընթացքներու մասնակից շուրջ երկու տասնեակ պատանի մարզիկներ։