ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆ ԴՐԱԿԱՆ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՏՈՒԿ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ յայտարարութիւններ ըրաւ Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ Երկրի խորհրդարանէն ներս երեսփոխաններու հարցումներուն պատասխանելու ժամանակ նախարար Միրզոյեան յայտնեց, որ Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յատուկ ներկայացուցիչներու՝ Սերտար Քըլըչի եւ Ռուբէն Ռուբինեանի միջեւ Վիեննայի մէջ տեղի ունեցած վերջին հանդիպումը կը գնահատէ դրական։
Էականն ու երկրորդականը անպայման պէտք է զանազանուին իրարմէ, միանշանակ։ Յաճախ, սակայն, մանրամասնութիւններու մէջ թաքնուած կ՚ըլլայ գաղտնիքը, խորհուրդը։ Զանազանութիւններու մէջ ինքնին առանձնանալը չունի՞ նշանակութիւն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւել Մաքրոնի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակին, Հարաւային Կովկասէ ներս անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման։
FLYONE ARMENIA-ի կողմէ նախաձեռնութիւն՝ Թուրքիոյ շուկայէն ներս ներկայութիւնը ամրապնդելու համար:
Նախագահ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կառավարութիւնը երէկ քննարկեց Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը:
Պատրիարքական Աթոռի երիտասարդ միաբաններէն Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, որ ուսման համար կը գտնուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, շաբաթավերջին հիւրընկալուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակիցներէն Արեւիկ Պապայեանի կողմէ։ Արի Քենտիրլի-Արեւիկ Պապայեան ամոլի Երեւանի բնակարանին մէջ ան օրհնեց Բուն բարեկենդանի առթիւ սարքուած սեղանը։
Երեւանի «Ալիք մետիա» կայքէջի գլխաւոր խմբագիրն ու օգնականը շաբաթավերջին այցելեցին Իսթանպուլ:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան շաբաթավերջին հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները քննարկեցին Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան գործունէութեան վերաբերեալ հարցեր։
Նոթրը-Տամ-Տը-Սիոն ֆրանսական լիսէի նախաձեռնութեամբ այս տարի 5-րդ անգամ նախատեսուած է «Istanbul Orchestra'Sion» անուանեալ միջազգային դաշնակի մրցոյթը, որ այլեւս դարձած է աւանդական։ Այս վարժարանը կը կազմակերպէ բազմաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց շնորհիւ կը հանդիսանայ քաղաքիս ընկերամշակութային բանուկ կէտերէն մին։