Լրահոս

ՓՐՈՖ. ԱՆԹՈՆԻՕ ՖԷՅԺՕ «ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ՆՈՐ ՆԱԽԱԳԱՀ

Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը ներկայիս ունի նոր նախագահ մը՝ յանձին՝ Անթոնիօ Ֆէյժոյի։ 15 դեկտեմբեր 2021 թուականին գումարուած էր այս հիմնարկի հոգաբարձութեան համաժողովը։ Լիագումար նիստի ժամանակ որոշուած էր նախագահի պաշտօնը վստահիլ Անթոնիօ Ֆէյժոյին։ Ուստի, 3 մայիս 2022 թուականի դրութեամբ փրոֆ. Անթոնիօ Ֆէյժօ անցած է «Կիւլպէնկեան» հիմնարկի գլուխը։

ՀԱՍՏԵԱՅ ՀԱՒԱՏՈՎ ՀԱՍՏԱՏԵԱՅ ՅՈՅՍՈՎ ՀԻՄՆԵՑՈՅ ՍԻՐՈՎ

Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի սրբատառ կոնդակով «Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ» շքանշանը շնորհուեցաւ ծխական խորհուրդի ատենապետ Էրկիւն Այըքին։
Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյ. «Անատոլուի չորս կողմերու սրբավայրերը յարգանքի եւ եղբայրութեան ազդանշաններ են»։
Տիարպաքըրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին շաբաթավերջին օծուեցաւ ու պաշտամունքի վերաբացուեցաւ պատմական մեծահանդէս արարողութիւններով, որոնց նախագահեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։

ՑՈՅՑԵՐ, ՊԱՀԱՆՋՆԵՐ, ՍՊԱՍՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի ընդդիմութեան «Դիմադրութիւն» շարժումը ամբողջ թափով կը շարունակուի, շաբաթավերջին հանրահաւաքներ տեղի ունեցան Վանաձորի եւ Կիւմրիի մէջ:
Շիրակի մարզի գերեվարուած զինուորներու ծնողները ճանապարհը միջոց մը փակեցին՝ արտայայտելով ընդվզում. «Ինչո՞ւ վառեցիք Թուրքիոյ դրօշը ու չթողեցիք, որ մեր երեխաները ետ բերեն»:

ԺԸՆԵՒԻ ՄԷՋ «ԱՐՄԵՆԻԱ» ՀՐԱՊԱՐԱԿԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ժընեւի մէջ, Զուիցերիա, երէկ հայութեան տեսակէտէ յատկանշական իրադարձութիւն մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, «Արմենիա» վերանուանուեցաւ այն հրապարակը, որ կը գտնուի տեղւոյն Ս. Յակոբ հայկական եկեղեցւոյ եւ հայկական կեդրոնի հարեւանութեամբ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Երեւանի Նորարար փորձարական արուեստի կեդրոնէն ներս երէկ բացուեցաւ՝ «Հրանդ Տինք. Հոս եւ հիմա» անուանումով ցուցահանդէս մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հրանդ Տինքի նահատակութեան 15-րդ տարելիցին առթիւ պատրաստուած, իր կեանքը, գործունէութիւնն ու պայքարը ներկայացնող ցուցահանդէս մըն է այս մէկը։

ՆԱԹՕ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԽՏԱՑՈՒՄ

ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Միրչա Ճէոանէ յայտարարեց, որ մօտակայ շաբաթներուն Ուքրայնայի պատերազմը վճռական փուլ կը թեւակոխէ։ «Մենք կ՚ակնկալենք, որ յառաջիկայ շաբաթները վճռորոշ կ՚ըլլան, նոյնիսկ եթէ պատերազմը աւելի երկար տեւէ», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ դաշինքը չ՚ենթադրեր, որ պատերազմը պիտի սրուի եւ ինքն ալ պիտի ներգրաւուի հակամարտութեան։

Էջեր