ՏԱԳՆԱՊԻ ՀՐԱՏԱՊ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ
Ռուսաստան-Ուքրայնա պատերազմը օրակարգի վրայ կու գայ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն ներս եւ ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովին ժամանակ:
Զելենսքի չի բացառեր Տոնպասի եւ Խրիմի ճանաչումը քննարկել Փութինի հետ հանդիպման ատեն, սակայն անհրաժեշտ կը համարէ իր երկրէն ներս հանրաքուէի մը կազմակերպումը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, քննարկուեցան Երեւան-Մոսկուա համագործակցութեան, բարձր մակարդակի վրայ փոխադարձ այցելութիւններու եւ Հայաստան-Ռուսաստան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեայ յոբելեանին վերաբերեալ հարցեր։
Հայաստանի պետական լրատուական գործակալութեան՝ «Արմէնփրէս»ի տնօրէն նշանակուեցաւ Նարինէ Նազարեան։ Հարկ է նշել, որ գործակալութիւնը ունի փակ բաժնետիրական ընկերութեան կարգավիճակ։ Տնօրէնի թափուր պաշտօնին համար կատարուած է մրցոյթ, որ տեղի ունեցած է 15 մարտին։
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Պերլինի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի Անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդական Եէնս Փլէօթների հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրոյցի ընթացքին շօշափուեցան Հայաստան-Գերմանիա եւ Հայաստան-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու օրակարգային հարցեր։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես զգուշացումով մը հանդէս եկաւ Ռուսաստան-Ուքրայնա առկայ պատերազմի մթնոլորտին մէջ։ Շաբաթավերջին ան յայտնեց, որ պատերազմը կրնայ պատճառ դառնալ համաշխարհային պարէնային համակարգի փլուզման։
Ռուսաստան-Ուքրայնա ռազմական գործողութիւններու առկայ մտահոգիչ իրավիճակին մէջ կը շարունակուին Թուրքիոյ միջնորդական ջանքերը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու շաբաթավերջին յայտարարեց, որ Անգարա ճիգ կը գործադրէ անաչառ միջնորդ մը ըլլալու համար եւ կողմերը մօտ են համաձայնութեան։
Շիի աշխարհը շաբաթավերջին նշեց Նեւրուզի տօնը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ Առաջին տիկին Միհրիպան Ալիեւա Նեւրուզի տօնակատարութիւններուն մասնակցեցան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մեծ խարոյկ մը վառեցին։
Համաշխարհայնացման ընդհանուր տրամաբանութեան մէջ հիմնական է համահարթեցումը։ Չափանիշներու նոյնականացում կը նախատեսուի ամբողջ երկրագունդի վրայ։ Ցայսօր բազում ոլորտներու մէջ բանած է այս մօտեցումը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարար Ժան-Իվ լը Տրիանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները կարծիքներ փոխանակեցին Երեւան-Փարիզ համագործակցութեան օրակարգին վերաբերեալ հարցերու շուրջ՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով հայ-ֆրանսական տնտեսական համագործակցութեան ճանապարհային քարտէսի իրագործման։