ՄՈՍԿՈՒԱ ԵՒ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՀՐԱԴԱԴԱՐԻ ԱՌԱՋԻՆ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ ԸՐԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին զուգադիպած խօսակցութեան ընթացքին նախարարները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։
«Ատրպէյճան հնարաւորութիւն պէտք է ունենայ Հայաստանի տարածքով Նախիջեւանի հետ հաղորդակցելու»:
Իտալիոյ ծերակոյտի նախագահը հիւրընկալուեցաւ Մխիթարեան միաբանութեան մայրավանքէն ներս:
Խոր ցաւով վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան երրորդ նախագահ Սերժ Սարգսեան կը սգայ իր մօր՝ Նորա Վահանի Սարգսեանի կորուստը։ Երէկ, Նորա Սարգսեան Ստեփանակերտի մէջ մահկանացուն կնքած է 92 տարեկան հասակին։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Աւստրալիոյ թեմի առաջնորդականի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած 4-րդ «Լսարանական երեկոյ»ն տեղի ունեցաւ՝ մասնակցութեամբ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանի։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանի հովանաւորութեամբ երկլեզու դասախօսութիւն մըն էր այս մէկը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին Քէօլնի մէջ կազմակերպուեցաւ համերգ մը՝ հայ երաժշտութեան մեծանուն երախտաւորներէն Առնօ Բաբաջանեանի ծննդեան 100-ամեակին առթիւ։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Donforum» հանդիսասրահին մէջ՝ հովանաւորութեամբ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեանի։
ՍԾՏՀԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութիւնը թեւակոխած՝ հիմնադրութեան 20-ամեակը:
Հայ նկարիչներու ստեղծագործութիւններ, «Թուրքուազ» գրավաճառատան կողմէ մասնակցութիւն:
Երեւանի, Թիֆլիզի եւ Պաքուի հետ Ուաշինկթընի դիւանագիտական կապերու 30-ամեակին ընդառաջ:
Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն միջեւ նոր հանդիպումներ կը նախատեսուին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեամբ: