ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ
Անգարա բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնէ «3+3» հարթակի ստեղծման առաջարկը:
Թուրքիա-ԱՄՆ բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի վիճակը:
Անգարա բոլոր հարթութիւններու վրայ կը բարձրաձայնէ «3+3» հարթակի ստեղծման առաջարկը:
Թուրքիա-ԱՄՆ բարձր մակարդակի բանակցութիւններուն ընթացքին քննարկուեցաւ Հարաւային Կովկասի վիճակը:
Երէկ, բովանդակ Թուրքիոյ մէջ մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Հանրապետութեան հիմնադրութեան 98-րդ տարեդարձը։ Երկրի բոլոր քաղաքներուն մէջ օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան տօնակատարութիւններ, որոնք ոգեւորութիւն ստեղծելու առընթեր եկան հերթական անգամ վերահաստատել միութեան ու միասնականութեան տրամադրութիւնները։
«Աւրորա» մարդասիրական նախաձեռնութիւնը որոշած է 50 հազար ամերիկեան տոլար նուիրել Մխիթարեան միաբանութեան Վենետիկի Ս. Ղազար կղզիի գրադարանին։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս շաբաթավերջին կ՚այցելէ Իտալիա՝ մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի (G20) անդամ երկիրներու գագաթաժողովին։ Ապա ան կ՚ուղեւորուի դէպի Կլասքով, ուր նախատեսուած է ՆԱԹՕ-ի գագաթաժողովը։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, որ Իտալիա մեկնած է մասնակցելու համար Մեծն քսանեակի անդամ պետութիւններու ղեկավարներու գագաթաժողովին, Վատիկանի մէջ ընդունուեցաւ Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին կողմէ։ Նախագահ Պայտընի հետ էր նաեւ Առաջին տիկին Ճիլ Պայտըն։
Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը այսօր կը դառնայ 98 տարեկան։ Այսօր ամբողջ երկիրը համակուած է տօնական բարձր տրամադրութեամբ։ Ամէն տարուան նման այս տարի եւս մեծ ոգեւորութեամբ կը նշուի Հոկտեմբերի 29-ի Հանրապետութեան տօնը։
Գումգաբուի մէջ պոլսահայ մամլոյ ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ հերթական հանդիպում:
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մեր համայնքին տեսակէտէ քայքայիչ կը նկատէ՝ վաքըֆներու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը: Նորին Ամենապատուութիւնը կը գնահատէ Ս.Փ. Ազգ. Հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը, որ կը շարունակէ աջակցիլ մեր վարժարաններուն: Տիարպաքըրի Ս. Կիրակոս եկեղեցին հաւանաբար օծուի յառաջիկայ մայիսին:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան վերջին օրերուն կարեւոր շրջագայութիւն մը ունեցաւ՝ դէպի Մերձաւոր Արեւելքի արաբական ազդու երկիրներ։ Այս ուղեւորութեան առաջին փուլը հանդիսացաւ Սէուտական Արաբիան, ուրկէ Արմէն Սարգսեան անցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու «CNN Türk»ին տուած հարցազրոյցին մէջ հերթական անգամ անդրադարձաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած մթնոլորտին մէջ Անգարայի եւ Երեւանի կողմէ վերջին շրջանին յաճախ պատգամներ կը տրուին բարձրաստիճան պաշտօնատարներու բերնով։
Կարսի պայմանագրի ստորագրման 100-ամեակին առթիւ վաղը միջազգային խորհրդաժողով մը տեղի պիտի ունենայ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ։ «Շուշա» համագումարներու կեդրոնէն ներս նախատեսուած է ձեռնարկը, որուն պիտի մասնակցին ստորագրադիր պետութիւններէն ներկայացուցիչներ, ակադեմականներ եւ մասնագէտներ։