Լրահոս

ՊԱՔՈՒԷՆ ԵՐԷԿ ԵՒՍ ԵՐԿՈՒ ՌԱԶՄԱԳԵՐԻ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ ԵՐԵՒԱՆ

Արցախի մէջ տեղակայուած Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի հրամանատար զօրավար Ռուստամ Մուրատովի միջնորդութեամբ, երէկ, Ատրպէյճան երկու գերի վերադարձուց Հայաստանին։ Այսպէս, Պաքուէն օդանաւով Երեւան վերադարձան Արթուր Նալպանտեան եւ Արամայիս Տոռոզեան, որոնք անցեալ յուլիսի 14-ին Սիւնիքի մարզէն ներս, Սեւ լիճի տարածքին մէջ կորսուած էին խիտ մշուշի պայմաններուն ներքեւ։

ՎԵՐԱՄՈՒՏԵԱՆ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆՆԵՐԷՆ՝ ՄԱՆԿԱԿԱՆԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

«Պապիկ դուն բարեւ կ՚ըսես, թէ ո՛չ պարեւ», ըսաւ հնգամեայ թոռնուհիս՝ Վանան, հայկական վարժարանի առաջին օրուան աւարտէն իր տուն վերադարձին, երբ տակաւին պաչիկներ եւ կարօտագին գրկնդխառնումներ չփոխանակած:

ՃԱՆԱՉՈՂԱԿԱՆ ԱՅՑ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ռուս նորանշանակ համանախագահը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ:
Հայաստանի ղեկավարութիւնը միշտ կը մատնանշէ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերսկսելու կարեւորութիւնը: Պաքու ժամանակաւոր կը համարէ Ռուսաստանի խաղաղապահներու ներկայութիւնը Արցախէ ներս:

ԹՈՒՐՔԻԱ-ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԲԱՑՈՒՄԸ՝ ԵՐԿԱՐԱԺԱՄԿԷՏ

Եւրոպական քաղաքականութեան կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ամանտա Փոլ «Ազատութիւն» ռատիօկայանին յայտարարութիւններ ըրաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու հեռանկարներուն շուրջ։ Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մթնոլորտին մէջ յաճախ օրակարգի վրայ կու գան Անգարա-Երեւան յարաբերութիւններու բնականոնացման վերաբերեալ ակնկալութիւնները։

ՅԱՒԱԿՆՈՏ ԹԻՐԱԽՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ այս տարեվերջին Թուրքիոյ արտածումը 211 միլիառ ամերիկեան տոլարի մակարդակին պիտի հասնի։ Երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ, Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ նախարարաց խորհուրդի հերթական ժողովը։

ԱՌԱՋԻՆ ԶԱՆԳԸ

2021-2022 կրթական շրջանը սկսաւ մէկ կողմէ նոր յոյսերով, իսկ միւս կողմէ նոր մտահոգութիւններով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը վերամուտի առթիւ հրապարակեց բարեմաղթութիւններով հիւսուած պատգամ մը:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ ԹԵՄԻՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՉՈՐՐՈՐԴ ՓԱՌԱՏՕՆԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Ֆրանսայի թեմէն ներս երէկ ոգեւոր օր մը ապրուեցաւ։ Այսպէս, Փարիզի մէջ բացուեցաւ հայկական 4-րդ փառատօնը, որ կազմակերպուած է թեմին կողմէ։

ԴՊՐՈՑԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷ ԱՆԴԻՆ…

Որքան դիպուկ բանաձեւած է ֆրանսացի գրողներէն մին. մեծերը տղաքը դպրոց կ՚ուղարկեն, որպէսզի անոնք կրթուին, իսկ տղաքը դպրոց կ՚երթան ապրելու համար… Իսկ այդ ո՞ր կեանքի մասին է խօսքը՝ առանց մտահոգութեան ու նեղութեան։

Էջեր