ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ԴԱՐՁԵԱԼ
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ նոր կաթողիկոսի ընտրութեան գործընթացը պիտի վերսկսի յառաջիկայ ամսուայ երկրորդ կէսին։ Ինչպէս ծանօթ է, անցեալ մայիսին վախճանած էր Հայ Կաթողիկէից Գրիգոր Պետրոս Կաթողիկոս-Պատրիարքը, որու յաջորդը ընտրել հնարաւոր չէր եղած յունիսին Զմմառի մէջ տեղի ունեցած Ս. Սինոդի երկարատեւ նստաշրջանին ժամանակ։
Երեւանի մէջ շաբաթավերջին իր մահկանացուն կնքեց հեղինակաւոր իրաւաբան եւ վաստակաւոր պետական գործիչ Տարիէլ Բարսեղեան։ Երեւանի Պետական համալսարանի իրաւաբանական ֆաքիւլթէն աւարտելէ վերջ ան այնտեղ դարձած էր դասախօս եւ տարիներու ընթացքին ստանձնած էր զանազան պաշտօններ, վարելով նաեւ ամպիոններ։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ բանաստեղծ Գրիգոր Եթէրօղլուի ստեղծագործութիւններու նոր ժողովածոն արդէն գրասէրներու տրամադրութեան տակ է։ «Kırık Çan» կը կոչուի Գրիգոր Եթէրօղլուի նոր գիրքը, որ «Payda» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ հարցեր։
Երեւանի մէջ ընթացք առած է «SUMMEET» արդի պարի միջազգային ամառնային փառատօնը, որ աւարտին պիտի հասնի շաբաթավերջին։ Առաջին անգամ կը կազմակերպուի այս փառատօնը։ Նախագիծը կեանքի կը կոչուի խումբ մը արուեստագէտներու նախաձեռնութեամբ։
Բնականին եւ արհեստականին համակեցութիւնը մարդ արարածին տեսակէտէ կենսական է երկրագունդի վրայ։ Իրականութեան մէջ, բնութիւնը ունի իր հաւասարակշռութիւնները եւ պէտք չունի մարդուն հետ գոյակցութեան եզրեր փնտռելու։ Բայց, քանի որ մարդը, իր կարգին, մաս կը կազմէ բնութեան ու պէտք ունի անոր հետ ներդաշնակութեան՝ ապա այդ համերաշխութիւնը կը դառնայ էական, տարրական։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեպ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ եթէ Հայաստան դրական քայլեր առնէ տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան հաստատման ուղղութեամբ, ապա Թուրքիա համարժէք արձագանգ պիտի տայ։
Արցախի երկրորդ պատերազմէն վերջ ստեղծուած իրավիճակը ու մանաւանդ՝ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ լարուածութիւնը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ միջազգային հարթութեան վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի առաջատար մասնագէտներէն մին է վերլուծաբան Թոմաս տը Վաալ, որ երկար տարիներէ ի վեր աշխատած է այս հարցին վրայ եւ ունի կարեւոր դիտարկումներ։
Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան նախընթաց օր Երեւանի մէջ հիւրընկալեց կրոսմայսթըր Էլինա Դանիէլեանը, որ վերջերս դարձաւ Եւրոպայի ճատրակի ախոյեան։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ողջունելով ախոյեանը նախարարը ըսաւ. «Ես պատիւ կը համարեմ ձեզ մեր նախարարութեան մէջ ընդունիլը։
Ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ ընկերները հետամուտ՝ եկեղեցապատկան կալուածներու արժեւորման: