Լրահոս

ՇՈՒՆԵՐՈՒ ՅԱՏՈՒԿ ԸՄՊԵԼԻՔՆԵՐ

Լոնտոնի մէջ բացուած է ընտանի կենդանիներու ու անոնց տէրերուն համար ակումբ մը։ Այսպէս, ակումբին մէջ այցելուներուն կը տրամադրուի երկու տեսակ ճաշացանկ, ուր կան քոքթէյլներ ինչպէս մարդոց, այնպէս ալ անոնց կենդանիներուն համար։

ԱՇԽԱՐՀԱՀՌՉԱԿ ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՅԱՍՄԻԿ ՊԱՊԵԱՆ Կ՚ՈՂՋՈՒՆԷ 60-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ

Աշխարհահռչակ մերերգչուհի Յասմիկ Պապեան այսօր կը դառնայ 60 տարեկան։ Ան իր 60-ամեայ յոբելեանը կ՚ողջունէ՝ ջերմօրէն շրջապատուած իր արուեստի համակիրներուն կողմէ։

ՅԱՄԱՌ ՊԱՀԱՆՋ

Երեւան սահմանազատման եւ սահմանագծման աշխատանքներու սկիզբին տեսակէտէ բարենպաստ ազդեցութիւն կը տեսնէ՝ Պաքուի զօրքերու իր ինքնիշխան տարածքէն դուրս բերուելու հեռանկարին մէջ:
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները անդրադարձան տարածքաշրջանային անվտանգութեան հարցերուն:

ՈՒՂԻՂ ՈՏՆՁԳՈՒԹԻՒՆ

«Ատրպէյճան կը խախտէ միջազգային իրաւունքը եւ հրապարակային սադրիչ քայլեր կ՚առնէ Հայաստանի Հանրապետութեան ինքնիշխան տարածքներուն դէմ»:
Արարատ Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ յայտարարեց, որ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի շուրջ որեւէ բանակցութիւն չի տարուիր, իսկ եթէ անոնք սկսին, ապա անպայման օրակարգի վրայ պէտք է ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ յստակեցուած սկզբունքներուն հիման վրայ:

ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԻՆ ՆՇԱՆՆԵՐ…

Մալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցած արարողութիւններու արձագանգները կը շարունակուին։ Տեղւոյն երբեմնի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցին մշակոյթի կեդրոնի ձեւաչափին մէջ վերականգնուած է Մալաթիոյ գլխաւոր քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ։

ԵՐԵՒԱՆԻՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան յայտարարեց, որ Թուրքիա պատրաստակամ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու։ Ան համոզուած է, որ տարածքաշրջանէ ներս զգալի է նոր ու շինիչ մօտեցումներու կարիքը։

ՕԳՈՍՏՈՍ 30-Ի ՏՕՆԸ

Բովանդակ Թուրքիոյ մէջ այս շաբաթավերջին կը նշուի օգոստոս 30-ի Մեծ յաղթանակի տօնը։ Հանրապետութեան հիմնադիր մեծն Աթաթիւրքի գլխաւորութեամբ 1922-ին տարուած Մեծ յաղթանակի 99-րդ տարեդարձին առթիւ տեղի կ՚ունենան տօնակատարութիւններ։

ԿԱՐԵՒՈՐ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան այսօր աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր կը հիւրընկալւի Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի կողմէ։ Սա Արարատ Միրզոյեանի առաջին արտասահմանեան ուղեւորութիւնն է՝ նախարար նշանակուելէ վերջ։

Էջեր