ԿԻՊՐՈՍԻ ՀԱՅՈՑ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ ԳԻՐՔ ՄԸ
Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ «Բաժնուած կղզին» խորագրեալ գիրք մը, որու բովանդակութեան մէջ կ՚արծարծուին Կիպրոսի հայոց զանազան խնդիրները։ Հեղինակն է հրապարակագիր եւ հաղորդավար Սագօ Արեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, ԺԱՄԱՆԱԿ-ի սիւնակագիրներէն է։