ՓԱՐԻԶԻ «ՆՈԹՐԸ ՏԱՄ» ՀՈՅԱԿԵՐՏ ՏԱՃԱՐԸ ԿԸ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԻ
Վաղը Փարիզի մէջ պիտի վերաբացուի «Նոթրը Տամ» աշխարհահռչակ տաճարը, որ համաքրիստոնէական սրբավայր մը ըլլալու առընթեր, համամարդկային ժառանգութեան գլուխ գործոցներէն է։ 2019 թուականին ծագած հրդեհին հետեւանքով լրջօրէն վնասուած այս տաճարը անցեալ հինգ տարիներուն վերանորոգուեցաւ՝ շուրջ 700 միլիոն եւրօ ներդրումով։