Լրահոս

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՇԱՀԱՐԿՈՒՄ

«Շուշիի հռչակագրով Անգարա եւ Պաքու պարտաւոր են իրարու օգնելու՝ արտաքին սպառնալիքի կամ յարձակման պարագային»:
Հարցազրոյց ռուսական լրատուամիջոցի. Իլհամ Ալիեւ Ատրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ ռազմախարիսխի մը հաստատման կարիքը չի տեսներ:

ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵՆԱԿԱՆ ՀԻՄՔԵՐ

Դէպի Փարիզ աշխատանքային այցելութեան շրջանակներէն ներս Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան ընդունուեցաւ Ֆրանսայի բանակի նախարար Սեպաստիան Լըքոռնիւի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները քննարկեցին պաշտպանութեան բնագաւառէ ներս երկկողմանի համագործակցութեան ընթացքը։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխ-նախագահ Ռուբէն Ռուբինեան, որ, միեւնոյն ժամանակ, Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղեալ բանակցութիւններու յատուկ ներկայացուցիչն է, երէկ, Երեւանի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերով խորհրդական Էնվէր Կարկաշի հետ։

ՀԲԸՄ-Ի ԵՐԵՒԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԻՆ ՄԷՋ ԱՄԱՆՈՐԻ ՍԵՄԻՆ ԳՈՐԾԱԿԻՑՆԵՐՈՒ ԵՒ ՀԱՄԱԿԻՐՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՀԱՒԱՔ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Հայաստանի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ անցեալ շաբաթավերջին Երեւանի մէջ կազմակերպուեցաւ ընդունելութիւն-հաւաք մը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի նախագահ եւ Կեդրոնական վարչութեան անդամներէն Վազգէն Եագուպեանի տանտիրութեամբ կազմակերպուած այս երեկոյթի ընթացքին համախմբուեցան՝ անցեալ տարուան ընթացքին կառոյցի զանազան ծրագրերու մասնակցած կամ տարբեր նախագծերու առթիւ կառոյցի հետ համագործակցած կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ կամ անհատներ։

ՈՒՐՍՈՒԼԱ ՖՈՆ ՏԷՐ ԼԷՅԷՆԻ ԱՅՑԸ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս առաւօտ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոտ տէր Լէյէնը։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ դիմաւորման պաշտօնական արարողութիւնը։

Էջեր