Լրահոս

ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԱՄԱՆՈՐԻ ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԲԱՑԱՌԻԿԸ ՎԱՂԸ ԼՈՅՍ ԿԸ ՏԵՍՆԷ 18 ԷՋՈՎ

Պոլիսէն, Հայաստանէն եւ սփիւռքի այլ օճախներէն յայտնի հեղինակներու աշխատակցութեամբ ճոխ բովանդակութիւն։ Այսօրուընէ մի՛ մոռնաք վերապահել ձեր թերթը՝ պատուիրելով մեր ցրուիչներուն կամ կրպակներուն։

ԿԻՒՄՐԻԻ ՄԷՋ ՀՐԴԵՀ. ԶՈՀ ՄԸ

Հայաստանի մէջ Կիւմրի քաղաքէն ներս շաբաթավերջին ծագեցաւ հրդեհ մը, որ խլեց նաեւ զոհ մը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Շիրակի մարզի պատկան իշխանութիւնները տեղեկացուցին, որ հրդեհը ծագած է երէկ առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն։

ՍՈՒՐԲ ԳԷՈՐԳԻ ՁԻՆ…

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Հայ Երուսաղէմի տօները շատ-շատ են… Աւելի ճիշդը Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ տօները ամէն տեղ ալ նոյնն են, սակայն, Երուսաղէմի մէջ յատուկ ձեւով կը նշուին, ինչպէս ընդունուած է ըսել «Սաղիմական ձեւով»։
Հոկտեմբեր ամսուն մեզ հետաքրքրող եւ աշխուժութիւն պատճառող տօներէն մէկը Սուրբ Գէորգի տօնն է, որովհետեւ Ռամլէի հայկական եկեղեցին կ՚երթանք պատարագի։ 

ՔՈՐԷԱՅԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՎԵԹԵՐԱՆՆԵՐԷՆ ԷՏՈՒԱՐՏ ԺԱՄԿՈՉԵԱՆԻ ՅՈՒՂԱՐԿԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցիէն տեղափոխուեցաւ Քորէայի պատերազմի մասնակիցներէն Էտուարտ Ժամկոչեանի անշունչ մարմինը։ Հարկ է նշել, որ 93-ամեայ Էտուարտ Ժամկոչեան կեանքի վերջին տարիներուն բնակութիւն հաստատած էր «Փըթիթ սէօր»երու ծերանոցին մէջ։

ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՈՉՆՉԱՑՈՒՄԸ ԿԸ ՀՐԱՀՐԷ ՀԱԿԱՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորումի նախարարական հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ հռչակագիր մը։ Հարկ է նշել, որ ֆորումի աշխատանքներու օրերուն նախարարները այցելեցին նաեւ Մատենադարան եւ Հայաստանի Պատմութեան թանգարան։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐԸ ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՅԱՐԻՐ ԽԱՆԴԱՎԱՌՈՒԹԵԱՄԲ ՍԿՍԱԾ ԵՆ ՏՕՆԱԽՄԲԵԼ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԸ

Թուրքիոյ քրիստոնեաները արդէն սկսած են տօնախմբել Սուրբ Ծնունդը, նաեւ ապրիլ Նոր տարուայ հրճուանքը։ Սա միայն թրքահայ համայնքով սահմանափակուած չէ՝ քանի բոլոր քրիստոնեայ յարանուանութիւնները նոյն բարձր տրամադրութեան մէջ են։

ԿԵՆՍՈՒՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԱՇՈՒԱՐԿ

«Խաղաղութեան խաչմերուկ»ի պարագային որոշիչ կ՚ըլլայ գերտէրտութիւններու դիրքորոշման յստակեցումը:
Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական առկայ բարդ իրավիճակի պայմաններով՝ մրցակցութիւններու արդիւնքով կրնան ապահովուիլ իրատես լուծումներ, որոնք, սակայն, կրնան անցնիլ սրացումներու եւ նոյնիսկ բախումներու ընդմէջէն: Թրամփի մօտեցումները չեն նպաստեր անվտանգային համակարգերու ամրապնդման՝ հաշուի առնելով Ուաշինկթընի համաշխարհային դերը:

«ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԸ ՊԷՏՔ Է ԼՈՒԾԱՐՈՒԻ»

Մոսկուա եւ Պաքու հերթական անգամ նոյն յաճախականութեան վրայ են՝ Երեւանի տեսակէտէ նուրբ նշանակութեամբ հարցի մը շուրջ։ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա երէկ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի կարգաւորման հարցով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի բոլոր կառոյցները ենթակայ են լուծարման։

ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒ ԿԱՐԻՔԱՒՈՐՆԵՐ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ալպէր Մոմճեան. «Եթէ ռափ երաժշտութիւնը չըլլար, ապա պիտի չկարողանայի մարդոց հասնիլ»:
Պլոկըր Ալպէրովիչի դիտարկմամբ՝ առկայ ընթացքով ո՛չ միայն հայ, այլեւ ընդհանրապէս երիտասարդ պիտի չմնայ Լիբանանի մէջ:

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՄԻՇՏ ՀԵՏԱՄՈՒՏ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ

Ուաշինկթընի մէջ Հայաստանի դեսպանատան երդիքին տակ տեղի ունեցաւ յատուկ քննարկում մը՝ նուիրուած Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ազդեցութեան Հայաստանի տնտեսական զարգացման եւ ժողովրդավարական կառավարման ամրապնդման վրայ։

Էջեր