Լրահոս

ԵՐԵՒԱՆ ՀԱՒԱՆՈՒԹԻՒՆ ԿՈՒ ՏԱՅ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԻ ԽՈՒՄԲԻ ԼՈՒԾԱՐՄԱՆ

Հայաստանի վարչապետի բանբեր Նազելի Պաղտասարեան շաբաթավերջին յայտնեց, որ Երեւան կը դիտարկէ Մինսքի խումբը լուծարելու հարցով ԵԱՀԿ-ին դիմելու հնարաւորութիւնը։

ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ԳՆԱՀԱՏԷ ՓԱՇԻՆԵԱՆԻ ՊԱՏԳԱՄՆԵՐԸ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ Թուրքիա դրական կը գնահատէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի պատգամները՝ տարածաշրջանէն ներս խաղաղութեան հաստատման վերաբերեալ։

ՀԲԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՄ ՍԻՄՈՆԵԱՆԻ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՊԱՏԳԱՄԸ

Հայ իրականութեան մեծագոյն բարենպատակ կառոյցին՝ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Սեմ Սիմոնեան 2025-ի տարեմուտին առթիւ հրապարակած է պատգամ մը։

ՇԻՇԼԻԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԸ ՀԻՒՐԸՆԿԱԼԵՑ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՄԱՄԼՈՅ ՍՊԱՍԱՒՈՐՆԵՐ

Շիշլիի քաղաքապետ Ռեսուլ Էմրահ Շահան երէկ առաւօտ համախմբուեցաւ մամլոյ սպասաւորներու խումբի մը հետ։ 10 յունուարի Գործող լրագրողներու օրուան ընդառաջ կազմակերպուած էր այս հաւաքոյթը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ փոքրամասնութեանց մամլոյ ներկայացուցիչներ։

ԱՀՄԱՏԻԱՆԻ ԵՐԵՒԱՆ ԱՅՑԸ

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Էքպէր Ահմատիանը, որ նախօրէին այցելած էր նաեւ Պաքու։ Իրանի պատուիրակութիւնը Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ԷՐՏՈՂԱՆ-ԱԼԻԵՒ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ՝ ՊԱՔՈՒԷՆ ՀՆՉԱԾ ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒ ՄԹՆՈԼՈՐՏԻՆ ՄԷՋ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու ղեկավարները շօշափեցին Թուրքիա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային եւ համաշխարհային օրակարգի հարցերը։

ԸՍՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ՝ ԱՆԳԱՐԱ-ԵՐԵՒԱՆ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ ԿՐՆԱՅ ԴԻՒՐԱՑՆԵԼ ԵՐԵՒԱՆ-ՊԱՔՈՒ ԿԱՐԳԱՒՈՐՈՒՄԸ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան յայտարարեց, որ Երեւան-Անգարա յարաբերութիւններու կարգաւորումը կրնայ դիւրացնել Երեւան-Պաքու կարգաւորման գործընթացը։

ԳԱԼԻՖՈՐՆԻՈՅ ՄԷՋ ԾԱԳԱԾ ՄԵԾ ՀՐԴԵՀՆԵՐԸ Կ՚ԱԶԴԵՆ ՆԱԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅՈՑ ՎՐԱՅ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ, Գալիֆորնիա նահանգէն ներս ծագած մեծ հրդեհները այս շրջանին վերածուած են աղմկայարոյց իրադարձութեան՝ միջազգային հանրային կարծիքի անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալով։

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՍՈՒՐԻՈՅ ԵՒ ԻՐԱՔԻ ՎՐԱՅ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան վարչապետ Մեսրուր Պարզանին։ Իրաքեան Քիւրտիստանի վարչապետը Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահին կողմէ։

Էջեր