ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՄԱԿՏԵՊՈՒՐԿ ՔԱՂԱՔԻՆ ՄԷՋ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴԻ ԱՌԹԻՒ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊՈՒԱԾ ՏՕՆԱՎԱՃԱՌԻՆ ՎՐԱՅ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ. ԵՐԿՈՒ ԶՈՀ
Գերմանիոյ Մակտեպուրկ քաղաքին մէջ երէկ յարձակում մը տեղի ունեցաւ՝ Սուրբ Ծնունդի առթիւ կազմակերպուած աւանդական տօնավաճառին վրայ։ Անձ մը ինքնաշարժը քշեց տօնավաճառի տարածքի այցելուներուն վրայ։