ՓՈՒԹԻՆ-ՕՐՊԱՆ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Հարկ է նշել, որ Վիքթոր Օրպան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Հարկ է նշել, որ Վիքթոր Օրպան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Թուրքիա։ Երկօրեայ շփումներու ծրագրին կապակցութեամբ առ այժմ ոչինչ հաղորդած են Անգարայի աղբիւրները։
Մոսկուա-Նիւ Տելհի առանցքին վրայ ուշագրաւ խմորումներ՝ միջազգային իրադրութեան պայմաններով:
Ռուսաստանի նախագահ Փութին Քրեմլինի պալատէն ներս հիւրընկալեց Հնդկաստանի պաշտպանութեան նախարար Սինկհը:
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, նախարարները անդրադարձան Սուրիոյ մէջ ստեղծուած իրավիճակին։
Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապը կոչ ուղղեց, որպէսզի Սուրիոյ մէջ կրօններու միջեւ փոխադարձ յարգանք հաստատուի։
Անգարա-Երեւան բնականոնացման գործընթացէն ներս, շուրջ ամիս մը առաջ, պետական զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներու միջեւ հանդիպում մը տեղի ունեցած է սահմանին վրայ:
Դեսպանահաւաք. Թուրքիա միշտ հետամուտ Հայաստան-Ատրպէյճան խաղաղութեան համաձայնագրի ստորագրման:
Աշխարհահռչակ տնտեսագէտ փրոֆ. Տարօն Աճէմօղլու երէկ Նոպելի տնտեսական մրցանակը ստացաւ՝ ձեռամբ Շուէտի Քարլ Կիւստաւ ԺԶ. թագաւորին։
Սթոքհոլմի Համերգատան մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Նոպելի մրցանակաբաշխման արարողութիւնը, որ ինչպէս ամէն տարի՝ այս տարի եւս ամբողջ միջազգային հանրութեան անմիջական ուշադրութեան արժանացաւ։
Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Կետէոն Սաար նախընթաց օր Երուսաղէմի մէջ հիւրընկալեց Ատրպէյճանի նախագահական աշխատակազմի արտաքին քաղաքական հարցերու պատասխանատու Հիքմէթ Հաճիեւը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, զրուցակիցները քննարկեցին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները։
Բարեյիշատակ լուսանկարիչ Նիքոլաս Մանկինասի յիշատակին կազմակերպուած միջազգային լուսանկարչութեան մրցոյթը այս տարի կազմակերպուեցաւ երրորդ անգամ ու պսակուեցաւ փայլուն յաջողութեամբ։ Նիքոլաս Մանկինաս անժամանակօրէն մահացած էր 2021 թուականին եւ այդ տարիէն ի վեր այս միջազգային մրցոյթը կը կազմակերպուի՝ իր յիշատակը վառ պահելու համար։
«Թուրքիա կը պաշտպանէ Սուրիոյ տարածքին ամբողջականութիւնը եւ աչք չունի որեւէ երկրի հողին վրայ»:
Նախագահ Էրտողան յաղթանակի առթիւ շնորհաւորեց սուրիացիները: Ֆիտան հեռաձայնով զրուցեց Կութերեսի հետ: