Լրահոս

ԱԼԻԵՒԻ ՎԱԽԵՐԸ

Այս խառնակ ժամանակներու հենքին Հայաստանի մէջ իշխանական շրջանակներէ դուրս քննարկուող ամենակենսայոյզ նիւթը հայաթափուած Արցախն է. արդեօք հարցը այլեւս փակուեցա՞ւ եւ մենք մէկընդմիշտ կորսնցուցի՞նք մեր հայրենիքին մէկ մասը, թէ՞ հիմնախնդիրի ոչ-հայանպաստ զարգացումներու հունը ետ շրջելու որոշակի յոյսեր, այնուամենայնիւ, դեռ կան:

ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԵՌԱԽՕՍԱԶՐՈՅՑ

Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Դիւանագիտական աղբիւրներու հաղորդումներով՝ Ֆիտան եւ Պլինքըն անդրադարձան Հայաստան-Ատրպէյճան հաշտութեան գործընթացի վերջին կացութեան։

ԴԵԿՏԵՄԲԵՐԻՆ ՆՈՐ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑ

Ըստ Հիքմէթ Հաճիեւի՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի վերջին հանդիպումը դրական ազդակներ ստեղծած է շարունակութեան համար:
COP29 գագաթաժողով. Պաքուէն յայտարարուեցաւ, որ Երեւանի հետ խաղաղութեան ենթադրեալ պայմանագրին շուրջ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին յաջորդ ամիս:

ԿՈՒԹԵՐԵՍ Կ՚ԸՆԴԳԾԷ ԵՐԵՔ ԷԱԿԱՆ ՊԱՐԱԳԱՅ

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերես յայտնեց, որ ներկայիս կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարը կ՚ընթանայ երեք հիմնական ուղղութեամբ։ Պաքուի մէջ կազմակերպուած COP29 գագաթաժողովին ան բոլոր երկիրներուն կոչ ուղղեց, որպէսզի կեդրոնանան այդ երեք առաջնահերթութիւններուն վրայ, որոնք կը վերաբերին կլիմայի փոփոխութեան։

ԱՍՏԱՆԱՅԻ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑՈՎ ԿԸ ԽՐԱԽՈՒՍՈՒԻ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ԵՒ ԴԱՄԱՍԿՈՍԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԲՆԱԿԱՆՈՆԱՑՈՒՄԸ

Սուրիոյ տագնապի քաղաքական կարգաւորման ուղղեալ Աստանայի հերթական բանակցութիւններու աւարտին յայտարարութիւնով մը հանդէս եկան՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը, որոնք գործընթացի երաշխաւոր երկիրները կը հանդիսանան։

Էջեր