Լրահոս

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵԳԻՊՏՈՍ ՎԱՂԵՄԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ Ա՛Լ ԱՒԵԼԻ ՊԻՏԻ ԶԱՐԳԱՆԱՆ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Թուրքիոյ եւ Եգիպտոսի միջեւ վաղեմի յարաբերութիւնները ա՛լ աւելի պիտի զարգանան։ Երէկ, Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ՝ Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ-ՆԱԽԻՋԵՒԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱՀՍԿՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՎԱՐՁԵԼՈՒ ՀԱՒԱՆԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՇՏ ՕՐԱԿԱՐԳԻ ՎՐԱՅ

Երեւանի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ դիմագրաւել՝ Պաքուի կողմէ այդքան յամառօրէն յառաջ տարուած Զանգեզուրի միջանցքի մարտահրաւէրը։ Մոսկուան ալ այս հարցին մէջ Պաքուի կողքին դիրք կը գրաւէ, իսկ Երեւանի միակ համախոհն ու գործակիցը Թեհրանն է այս տագնապին շուրջ։

ՄՈՍԿՈՒԱ Կ՚ԱԿՆԿԱԼԷ ՀԱՊԿ-Ի ԳԾՈՎ ԵՐԵՒԱՆԻ ԸՆԹԱՑՔԻ ՎԵՐԱՆԱՅՈՒՄԸ

Երեւան-Մոսկուա առանցքին վրայ կուտակուած տարաձայնութիւններու մթնոլորտին մէջ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա յայտարարեց, որ Հայաստան օրինապէս կը շարունակէ մնալ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) լիիրաւ անդամ, սակայն, ներկայիս երկրի ղեկավարութիւնը փաստացի կը հետեւի այս համագործակցութենէն հեռանալու գծին, ինչ որ կը հակասէ հայ ժողովուրդի շահերուն։

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԹՈՒԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կնքուելիք խաղաղութեան պայմանագրի նախագիծը անվերջ կ՚ենթարկուի վերախմբագրումներու: Պաշտօնական լրահոսէն պարզ դարձաւ, որ Երեւանը Պաքուին յղած է պայմանագրի նախագծային բովանդակութեան 10-րդ տարբերակը:

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ, ՎՐԱՍՏԱՆ, ՌՈՒՄԱՆԻԱ ԵՒ ՀՈՒՆԳԱՐԻԱ ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ ՀԱՄԱՏԵՂ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՀԻՄՆԵՑԻՆ

Ատրպէյճան, Վրաստան, Ռումանիա եւ Հունգարիա որոշեցին համատեղ ընկերութիւն մը ստեղծել՝ Սեւ ծովու յատակով ելեկտրահաղորդման հանգոյց մը անցընելու նպատակով։ Այս քայլը հնարաւորութիւն պիտի ընձեռէ, որպէսզի Ատրպէյճանէն աւելի շատ վերականգնեալ, կանաչ ելեկտրական ուժանիւթ մատակարարուի դէպի Եւրոպա։

ՍՓԻՒՌՔԻ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ԺԱՌԱՆԳՈՒԹԵԱՆ ԱՊԱԳԱՆ

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ

Փարիզահայ նկարիչ Զարեհ Մութաֆեանի ստեղծագործական ժառանգութեան մէկ մասը տեղափոխուած է Հայաստան։ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի Ֆրանսա այցելութեան ընթացքին, Փարիզի մօտ Հայաստանի դեսպան Յասմիկ Տոլմաճեանի միջնորդութեամբ, ֆրանսահայ նկարիչին որդին՝ պատմագէտ Քլոտ Արմէն Մութաֆեան յայտնած է հօրը՝ տարբեր ժամանակաշրջաններու պատկանող վաթսունհինգ գեղանկարներ Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին յանձնելու որոշումը։

ՍԻՍԻ ՎԱՂԸ ԹՈՒՐՔԻԱ ԿՈՒ ԳԱՅ

Եգիպտոսի նախագահ Ապտիւլֆեթթահ էլ Սիսի վաղը պաշտօնական այցելութեամբ Թուրքիա պիտի գայ՝ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հրաւէրին ընդառաջ։ Տասներկու տարուան ընդհատումէ մը վերջ Եգիպտոսէն Թուրքիա նախագահի մակարդակով այցելութիւն մը պիտի տրուի։

ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՇՓՈՒՄՆԵՐ

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեան երէկ այցելեց Թիֆլիզ, ուր բանակցութիւններ վարեց իր պաշտօնակցին՝ Իրակլի Չիքովանիի հետ։ Երկու նախարարները անդրադարձան ռազմական ոլորտէ ներս համագործակցութեան հեռանկարներուն եւ ծրագրային աշխատանքի ընթացքին։

Էջեր