Լրահոս

ՍԱՂԻՄԱՀԱՅ ԿԱՌՈՅՑՆԵՐԸ ԱՀԱԶԱՆԳ ԿԸ ՀՆՉԵՑՆԵՆ ՖԻԶԻՔԱԿԱՆ ԳՈՅՈՒԹԵԱՆ ՈՒՂՂԵԱԼ ՍՊԱՌՆԱԼԻՔՆԵՐՈՒՆ ԴԷՄ

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջին սաղիմահայութիւնը հերթական ահազանգը հնչեցուց՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքով պայմանաւորուած տագնապին զուգահեռ։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԶՕՐՔԵՐԸ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ԹԻՐԱԽԱՒՈՐԵՑԻՆ ՍԱՀՄԱՆԻ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴԻՐՔԵՐԸ

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին ալ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ապրիլի 6-7-ի գիշերը, ժամը 22.45-էն սկսեալ, մինչեւ ժամը 00.25-ը՝ թիրախաւորեցին սահմանի զանազան հայկական դիրքերը։

ԱՏՐՊԷՅՃԱՆԻ ԲԱՆԱԿԸ ԿՐԱԿ ԲԱՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ

Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։

ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԿԱՐԵՒՈՐ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Այսօր Պրիւքսէլի մէջ տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հանդիպումը։ Եռակողմանի այս ժամադրութիւնը երկար ժամանակէ ի վեր կը զբաղեցնէ օրակարգը՝ մինչ շահագրգիռ կողմերը կը բարձրաձայնեն իրենց մտադրութիւններուն եւ ակնկալութիւններուն մասին։

Էջեր