ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ ԵՒ ՇԹԱՅՆՄԱՅԷՐ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Վահագն Խաչատուրեան, որ Համպուրկի կայունութեան համաժողովին մասնակցեցաւ, երէկ, Պերլինի մէջ ընդունուեցաւ Գերմանիոյ նախագահ Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայէրի կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու նախագահները զրոյցի ընթացքին անդրադարձան նաեւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին։