ԱՆԳԱՐԱ ԿԸ ՀԱԿԱԶԴԷ ՅՈՒՆԱԿԱՆ ԿԻՊՐՈՍԻ ԴԷՄ՝ ՄԻՋԵՐԿՐԱԿԱՆԻ ԱՐԵՒԵԼՔԸ ՏԱՐԻՆԵՐԷ Ի ՎԵՐ ԱՊԱԿԱՅՈՒՆԱՑՆԵԼՈՒ ԲԵՐՈՒՄՈՎ
Արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդէս եկաւ յայտարարութիւնով մը, որով տեղեկացուց, թէ Թուրքիա պիտի շարունակէ պաշտպանել Կիպրոսի թուրք ժողովուրդի իրաւունքները։
Ինչպէս ծանօթ է, Միջերկրականի արեւելքին միջոցէ մը ի վեր ծնունդ առած է լարուածութիւն մը՝ Կիպրոսի շրջակայքին կատարուած նաւթի որոնումներուն բերումով։
ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները երէկ անպաշտօն հանդիպում մը ունեցան Սլովաքիոյ Վիսոքէ Թաթրի քաղաքին մէջ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ ընդունեց Երեւանի մօտ Իսրայէլի նորանշանակ դեսպան Էլիավ Պելոցերքովսքին, որ յանձնեց իր հաւատարմագիրը։ Դեսպանի նստավայրը կը գտնուի Երուսաղէմի մէջ։
Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան, որ կարճ այցելութիւն մը տուաւ քաղաքս, երէկ այցելեց Պատրիարքարան։ Նորին սրբազնութիւնը ընդունուեցաւ տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի կողմէ։
Վաղը Երեւան պիտի այցելէ Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ պիտի հիւրընկալուի Երեւանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տոնալտ Թուսք հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։
«Ոսկէ ծիրան»ը սկսաւ ոգեւոր արարողութեամբ եւ «Մակաբոյծը»ի ցուցադրութեամբ:
Կիւմրիի մէջ նշուեցաւ Մհեր Մկրտչեանի ծննդեան 89-ամեակը։ Այսպէս, Կիւմրիի քաղաքապետարանի Մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու բաժինն ու Մհեր Մկրտչեանի յուշատուն-թանգարանը կիւմրեցիներուն ու Կիւմրի այցելող հիւրերուն յուլիսի 4-ին պարգեւեցին անմոռանալի օր մը՝ սիրուած դերասան Մհեր Մկրտչեանին նուիրուած շարք մը միջոցառումներով նշելով անոր ծննդեան 89-ամեակը:
Կրօնական ժողովի վերընտրեալ ատենապետը ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ «tert.am» կայքէջին:
Հայկական դիւանագիտութիւնը շաբաթավերջին ունեցաւ ծանրակշիռ կորուստ մը. ոչ եւս է դեսպան Արման Կիրակոսեան։ Սա ոչ միայն հայկական դիւանագիտութեան, այլեւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդին տեսակէտէ մեծ կորուստ մըն է։