Հարթակ

ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄԱԿՑԵԼՈՒ ՈՒՂՂԵԱԼ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒ ԴԻՏԱՐԿՈՒՄ

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Անցեալին Եւրոմիութիւնը ամէն ջանք կը գործադրէր՝ փոխելու համար Թուրքիոյ մշակութային ու քաղաքակրթական մակարդակը եւ անոր եւրոպական չափանիշներ պարտադրելու ու կարգ մը պայմաններ յառաջ մղելով անդամակցութեան թեկնածու դարձնելու առումով:

ԼՈՅՍ ՄԸ ԱՅՆ ՀՐԵԱՅԻՆ ՊԱՏԿԵՐՈՎ…

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Մաղաքիա Արք. Օրմանեանի Հայ Երուսաղէմ գիրքին մէջ, կարդացած էի այս տողերը…
«Իսկ աջ կողմերնիս կը տեսնենք երկու բաւական ընդարձակ ե՛ւ լուսաւոր ե՛ւ օդաւէտ սենեակներ, որոնց առջինը խոստովանահօր սենեակ, եւ երկրորդը Հին Իսրայէլի սենեակ անունը կը կրեն, անշուշտ խոստովանահայր վարդապետ մը եւ նորադարձ հրեայ մը անոնց մէջ բնակած ըլլալէն»։

ՎԱՂԸ, ՄԵՐ ԶԱՏԻԿՆ Է...

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շատ տարիներ առաջ եւ յունուարի Խթման գիշերն էր, եկեղեցիէն ետք, հարազատներով, աւանդական սեղանին շուրջ բոլորուած երբ կ՚ընթրէինք, յանկարծ, ողորմած մայրս կը խզէր սենեակին մէջ լեցուած աշխարհ մը մթնոլորտը.
-Քա՛, ըսէ՛ք նայիմ, այս տարի Զատիկը ե՞րբ է:

ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆԸ ՆՈՐ ՎԱՐԿԱԾՆԵՐ Ի ՅԱՅՏ ԿԸ ԲԵՐԷ՝ ՔՐԵՄԼԻՆԻ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԲԱՆԵՑՆԵԼՈՒ ՄԵԹՈՏՆԵՐՈՒՆ ԱՌՈՒՄՈՎ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մոսկուան խուճապի մատնած ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ մնալ ուշադրութեան կիզակէտին։ «Crocus City Hall»ի շքեղ համերգասրահը թիրախաւորած ահաբեկչութիւնը ընթացք առաւ կրակոցներով, համալիրի երդիքի հրկիզման արարքներով։

ԱԿՆԱՐԿ - 60 - ՈՏՆԼՈՒԱՅԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօր Աւագ հինգշաբթի է:
Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսական կեանքին ամենէն խորհրդաւոր օրն է: Այս օրուան ընթացքին է, որ Տէր Յիսուս մատնուեցաւ զԻնք խաչել ուզողներուն ձեռքը: 

ՊԻՏԻ ԴԱՒԱՃԱՆԵ՛Մ ՀԱՅՐԵՆԻՔԻՍ (ԶԱՌԱՆՑԱՆՔ ԱԶԱՏՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՎԱԽԻ ՄԱՍԻՆ)

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արաբ մտաւորականը իր մտահոգութիւններուն մէջ խորասուզուած էր եւ իր կուրծքին տակ եղածները կը փոխանցէր փոքրիկ շունի մը, որ հանգիստ եւ շքեղ կերպով բազմած էր օտար դիւանագիտական ինքնաշարժի մը մէջ՝ անցնող ամբոխի ծաղր ու ծանակին առարկայ դառնալով, յանկարծ ոստիկան մը արագ կերպով մօտեցաւ իր ատրճանակով, մահակով եւ ձեռնաշղթաներով, ինչպէս նաեւ արաբական ժողովրդարութեան այլ «գործիք»ներով:

ՏԱՒՈՒՇ. ԻՆՉՈ՞Ւ ՀԻՄԱ, ԵԹԷ…

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Շատ քիչեր պիտի տան այն էական հարցումը, որ կը վերաբերի Հայաստանի Տաւուշի մարզի սահմանակից շրջանի իրադարձութիւններուն, որոնք կը համարուին սպասելի։ Նախքան նիւթին մէջ խորանալը, անշուշտ, հարկ է յիշեցնել, որ Տաւուշի մարզը 2020 թուականի պատերազմի փուլէն միայն ամիսներ առաջ դարձած էր ռազմական գործողութիւններու հանդիսավայր։

ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆՆԵՐ ԱՌԱԿԱՑ ԳԻՐՔԷՆ ԵՒ ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Սուտ խօսելու մասին խօսա՞ծ է Առակագիրը:
Պատասխան.
Այո: Հետեւեալ հետաքրքրական միտքը կը կարդանք Առակացին մէջ. «Ստութեան հացը մարդուն ախորժելի է, բայց ետքը անոր բերանը խիճով պիտի լեցուի» (Առ 20.17):

ԹՈՒՐՔԻԱ-ԵՄ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ՀԱՐՑԵՐԸ (2)

ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ

Կարգ մը վերլուծաբաններ կեղծ կը համարեն որեւէ շրջանի Թուրքիոյ տնտեսական աճը եւ անով, այսպէս ըսած, հրապուրումը Եւրոմիութիւնը։ Այդ վերլուծաբանները ամէն պարագայի շեշտը կը դնեն նաեւ Թուրքիոյ Եւրոպայէն կախուածութեան վրայ, հետեւաբար համահաւասար չեն համարեր Թուրքիա-ԵՄ փոխադարձ տնտեսական շահը եւ կը պնդեն, որ Թուրքիոյ ԵՄ-ին անդամակցելու միտումը կրնայ համարուիլ տնտեսական շահու համար, որովհետեւ այդ մէկը երկրին կ՚ապահովէ աւելի բարգաւաճում՝ ԵՄ-ի հաշւոյն:

Էջեր