ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ-ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՌԱՆՑՔԻՆ ՎՐԱՅ ԿԱՐԵՒՈՐ ՀԱՐՑԵՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Եթէ պահ մը ընդունինք, որ Լիբանանի մէջ այսօր հիմնական խաղացողը Իրանն է, ապա պէտք է ընկալենք նաեւ, որ Իրանի կողքին եւ ոչ-նուազ դերով հանդէս կու գայ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները։ Երկար տարիներու պատմութիւն է Պէյրութի եւ Ուաշինկթընի յարաբերութիւնները, որոնք նաեւ կը պայմանաւորուին Լիբանանի աշխարհագրական դիրքով, քաղաքական-անվտանգային դերով ու ձեւով մըն ալ արաբական աշխարհին հետ ուղիղ հաղորդակցութեան մտնելու հիմնաւոր փաստարկով։