ՎՐԱՍՏԱՆԸ ԿԱՄ ԱՒԵԼԻ ՃԻՇԴԸ «ՎՐԱՑԱԿԱՆ ԵՐԱԶԱՆՔ»Ը ԴԷՊԻ Ո՞ՒՐ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Տակաւին յստակ չէ, որ Վրաստանի մէջ ամէն օր նոր սրացում ապրող դէպքերը ինչ ուղղութեամբ պիտի տանին Հայաստանի հարեւան երկիրը, սակայն յայտնի է, որ 20 յունիսը երկար ժամանակով մը պիտի յիշատակուի եւ դեռ կարեւոր արժեւորումներու ենթակայ դառնայ։ Այդ օրը Վրաստանի խորհրդարանէն ներս տեղի ունեցած միջադէպէն ետք հայկական պատուիրակութիւնը կը լքէր նիստերու դահլիճը: