ՄԱԷՍԹՐՕ ՄԻՍԱՔ ՊԱՂՊՈՒՏԱՐԵԱՆ. «ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆԸ ՀԱՅԸ ԲՆՈՐՈՇՈՂ ԿԱՐԵՒՈՐ ԳԻԾԵՐԷՆ Է»
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հաւատարմութիւնը պարկեշտ քաղաքացիին բնորոշ ամենէն կարեւոր գիծերէն մին է։ Հաւատարմութիւն այն երկրին, ուր կ՚ապրիս եւ հաւատարմութիւն այն հողին, որուն շնորհիւ կ՚ամրապնդես կեանքդ եւ զարկ կու տաս ծրագիրներուդ իրականացման գործին։