Պատճառները, Որոնք Թոյլ Չեն Տար Այլեւս Անանուն Ըլլալու
ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ
Այսօրուան աշխոյժ, գերարագ եւ լայնատարած հաղորդակցութեան աշխարհին մէջ հետզհետէ աւելի եւ աւելի դժուար կը դառնայ ոեւէ անձի համար իր մտերմիկ առանձնութիւնը պահպանելը: Արդեօք այժմ ժամանա՞կն է ընդհանրապէս հրաժարելու այդ գաղափարէն: