ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԸԼԼԱԼՈՒ ՏՈՒԵԱԼՆԵՐ ՈՒՆԻ ՍԱԱՏ ՀԱՐԻՐԻԻ ՄՈՍԿՈՒԱ ԿԱՏԱՐԱԾ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջին շրջաններուն եղած քաղաքական շփումները կը մատնեն, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգը դրուած է բաւական «ուժեղ կրակ»ի մը վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Լիբանանի մէջ վերջին շրջաններուն եղած քաղաքական շփումները կը մատնեն, որ նախագահական ընտրութեան օրակարգը դրուած է բաւական «ուժեղ կրակ»ի մը վրայ:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Օրերս Գոհար Գալուստեանի գրած նամակը կը ցնցէր հայրենի լրատուական դաշտը: Գոհար կը պատմէր, իր զաւակներուն եւ ամուսնոյն վիրաւորման դէպքին ու անոնց անմխիթար վիճակին մասին: Հալէպի «Զուարթնոց» եկեղեցիին մօտ եղող Գալուստեաններու տունը թիրախ դարձած էր անցեալ Ուրբաթ օր տեղի ունեցած ծանր հրթիռարձակումներուն: Ըստ Գոհարին, ընտանիքը հրաշքով փրկուած էր ու անոր երկու երախաները տան փուլ եկած առաստաղի սալիկներուն տակ մնալէ ետք հրաշքով փրկուած էին:
ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ
Երանի գինովին, որու համար աշխարհը կ՚երերայ բայց չի փլիր. արեւն անհոգ կը ծիծաղի աշխարհի ցաւերուն, ու ի՛ր ժամին կը թաւալի անաղմուկ, ու աղջամուղջն իր կարմիրով կու տայ գոյնը գրաւիչ մայրամուտին: Ճամբաներու ոլոր մոլոր, օձապտոյտ ընթացքն արդէն երանելի ցուցմունք են, ուր տեսանելի եւ թէ անտես թիթեռնիկներ կ՚ելեւէջէն իբրեւ ոգի մեռեալներու, անտառներու գազանները դարձեր են լուռ ու հնազանդ։
ՏՔԹ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
Լեհաստան այս տարի մեծ շուքով կը տօնէ իր քրիստոնէացման 1050-ամեակը, իսկ լեհահայ համայնքները 2017 թուին կը պատրաստուին պատշաճ հանդիսութիւններով յիշատակելու լեհահայ սփիւռքի կազմաւորման 650-ամեակը, հիմնուելով Քաժիմէժ Մեծ լեհ թագաւորի կողմէ 1367 թուին Գրիգոր Եպիսկոպոսին շնորհուած արտօնագրին, ունենալու համար հայ-կական եպիսկոպոսութիւնը Լվովի մէջ:
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
Երկու երիտասարդներուն ձեռքերը այնքան ամուր բռնուած են իրարու, անքակտելի կապ մը կ՚ուզեն ստեղծել անոնք, մին արական է, միւսը՝ իգական: Յորդանանի օդանաւակայանն են. հայեացքներով ինչե՜ր կը փոխանակեն, ու գիրկընդխառնում մը, որ աղջկան հեկեկուն մարմինին դողը կը խաղաղեցնէ կարծես: Բայց ի զուր է ամէն ինչ, ո՛չ մարմինները կը խաղաղին, ոչ ալ երկու միացած սրտերը հանգիստ կը տրոփեն, մօտ է բաժանման պահը, ու կրքոտ համբոյրներուն կ՚ընկերանան խոստումներ.
Ռուս բանաստեղծ Մայակովսկի, լենինեան յեղափոխութեան երգիչը գրութիւն մը ունի, ուր կ՚ըսէ. «Մենք կը հասնինք ու կ՚անցնինք»… ի հարկէ, խօսքը ուղղելով դրամատիրական աշխարհին:
Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր՝ բազմավաստակ հեղինակութիւն է Փրոֆ. Սիրարփի Տէր-Ներսէսեան (1896-1989), որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի Սեպտեմբերի 5-ին:
ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ
Շատ մը նախապաշարեալներ կը հաւատան, որ երազները անպայման իմաստ մը կ՚ունենան, եւ որ անոնք մեկնաբանութեան կը կարօտին
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կիրակի, 25 Սեպտեմբերի առաւօտուն, երեք կապարներ վերջ կու տային Յորդանանցի մտաւորական Նահէտ Հաթթարի կեանքին:
50-ամեայ ծայրայեղական մը Հաթթարը կը սպաննէր մայրաքաղաք Ամմանի Արդարադատութեան պալատի շէնքի դրան շեմին:
ՅԱԿՈԲ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ
Մէկ տարիէ ի վեր Միացեալ Նահանգներու նախագահական թեկնածութեան պայքարը կը շարունակուի հեռատեսիլի եւ լրատուական զանազան միջոցներու պաստառներուն եւ էջերուն վրայ, զգաստ պահելով ամերիկացին եւ նաեւ մեզ, հայերս։ Չեմ գիտեր ինչո՞ւ մեզ, պարզ ու ռամիկ հայերս, որովհետեւ ոչ մէկ ամերիկացի նախագահ առանձնայատուկ գործ նուիրած է հայերուն, բացի խոստումներէ։