ԾՆՈՂՔ ԸԼԼԱԼՈՒ ԱՐՈՒԵՍՏԸ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Քննարկումէ վեր է, որ թէեւ գործնապէս «դիւրին», սակայն էապէս ամենէն դժուարին բանը աշխարհի մէջ ծնողք դառնալն է, որ իրականութեան մէջ ո՛չ թէ նախախնամութեամբ, այլ իմաստութեամբ ու գիտութեամբ կեանքի կը կոչուի։
Ծնողքին դերը մեծապէս կը կարեւորեմ, որովհետեւ կը հաւատամ աշխարհի բնական այն կանոնին, որ «ինչ ցանես ա՛յդ կը հնձես» եւ հետեւաբար իւրաքանչիւր զաւակի արարք ու իրագործում տեղ մը իրը ըլլալէ անկախ ընտանիքինն է՝ այդ մէկը ըլլայ լաւ թէ վատ։