ԱՐՈՒԵՍՏԸ ԹՇՆԱՄՈՒԹԵՆԷՆ ԱՆԴԻՆ
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Երաժշտութիւնը հին է այնքան՝ ինչքան աշխարհը: Մարդ արարածը աշխարհի պատմութեան ամբողջ ընթացքին, Քրիստոսէ բազմահազար տարիներ առաջ եւս ունեցած է երգ եւ երաժշտութիւն, որ ժամանակի ընթացքին մարդուն հետ զարգանալով հասած է մինչեւ մեր օրերը: