ՔԱՂԱՔԱԿՐԹՈՒԹԻՒՆ, ԱԶԳ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔ ԿԸ ՊԱՀԷ ԵՒ Կ՚ԻՄԱՍՏԱՒՈՐԷ ԳԵՐԱԿԱՌՈՅՑԸ
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Պէտք է խօսիլ ազգ եւ հայրենիք գոյացնող, հող եւ բնակիչ իմաստաւորող գերակառոյցի մասին, լուսաւորելու համար մեր ներազգային պայքարները, որոնք կրնան յանգեցնել իրենց հետապնդած նպատակի հակառակին: