90-ԱՄԵԱԿ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (1882-1935) ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Արմաշական միջին սերունդի ընտիր հոգեւորականներէն մին էր Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան, ծննդեամբ Այնթապցի եւ սննդեամբ Արմաշու դպրեվանքի վերատեսուչ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի շունչին տակ, որմէ 1904 թուականին քահանայական ձեռնադրութիւն կը ստանային Չարխափանի Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ չորս օծակիցներ միասին։