ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԻ ՄԵՐ ՆՈՐ ԲԵՄԱՀԱՐԹԱԿՆԵՐԸ
ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
Աշխարհ այսօր նոր իրավիճակներու ու կացութիւններու մէջ է: Քորոնաժահրը շրջեց աշխարհի կարգն ու սարքը: Մարդկային կեանքեր ստացան նոր բովանդակութիւն, բայց նաեւ յարաբերութիւններ եւ հաղորդակցութեան լծակներն ու արժեչափերը շրջուեցան: