Հոգե-մտաւոր

ԱՂԷՏԻ ՏԱԳՆԱՊ ԵՒ ԱԶԳԱՅԻՆ-ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԸՆՏՐԱ՞ՆՔ, ԹԷ՞… ԱՐԵՒԻՆ ՏԱԿ ՏԵՂ ԳՏՆԵԼՈՒ ԿՌԻՒ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մեր ժողովուրդի պատմութեան ճակատագրական եւ արագացած պահերէն մին կ՚ապրինք: Արեւելք-Արեւմուտք դասաւորումներու մեծ խաղին մէջ, ինչ որ մնացած է Հայաստանէն, կրնայ վերջնականօրէն փուլ գալ, որուն մենք ալ մասնակից-մեղսակից կ՚ըլլանք, եթէ շարունակենք մեր «փոքրիկ ածուն» զանազան ձեւերով եւ իրարու բախող բազմաթիւ խոփերով հերկել, դարձնել անմշակ, անպէտք:

ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ ԱՆՏԻՊ ՆԱՄԱԿԱՆԻՆ

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Անցնող ամսուան գրեթէ աւարտին բացառիկ առիթը ունեցայ այցելելու արխիւատունը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ պարզապէս աչքէ անցընելու յետեղեռնեան շրջանի սփիւռքահայ գրականութեան ամենակարկառուն ներկայացուցիչներէն մէկուն՝ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆԻ արխիւային հարուստ նիւթերը, որոնց մէջէն զիս ամենաշատ հետաքրքրողը անոր նամակներն էին:

ԱՆՊԱՐՏԵԼԻ ՍԻՒՆԻՔԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

​Եթէ մինչեւ հիմա, մօտիկ բարեկամներով մտերմիկ եւ անկեղծ մեր հանդիպումներուն, իբրեւ խօսակցութեան գլխաւոր նիւթ կամ վէճ եւ աւելին՝ կարծիքներու փոխանակումները կեդրոնացած կ՚ըլլային մեր հայրենիքի ներկայ խառնակ իրադարձութիւններու ու մանաւանդ անցեալ տարուան վերջերուն տեղի ունեցած Արցախի պատերազմի ու անոր աղէտալի արդիւնքներուն եւ հայրենի երկրի ներկայ իրավիճակին մասին, բայց այս անգամ, հոսքին հունը հիմնովին փոխուելով, ինքնաբերաբար տարբեր «գոյն-ձեւ» ստացաւ:

ԸՆՏՐԱՊԱՅՔԱՐԻ ՃԱՌ ԵՒ ԽՈՍՏՈՒՄ, ՊԻՏԻ ԽՕՍԻ՞Ն ՀԱՅԵՐԷՆԻ ՕՏԱՐՄԱՆ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻ ՄԱՍԻՆ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Մի ոմն թերթի խմբագիր կը խորհի, որ հիմնահարցերու մասին կրկին եւ կրկին խօսիլ անհետաքրքիր է: Գաղտնիք չէ, որ կարգ մը հիմնահարցերու յիշեցումը կ՚անհանգստացնէ ներսի եւ դուրսի քաղքենիները, բոլոր անոնք, որոնք պատշաճեցումը եւ տեղատուութիւնը յառաջդիմութիւն համարած են:

ԸՆՏՐԵԼ ԿԱՅ… ԵՒ ԸՆՏՐԵԼ ԱԼ ԿԱՅ…

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Շուտով մեր հայրենիքէն ներս տեղի պիտի ունենայ Ազգային ժողովի նոր ընտրութիւն:
Արդ, այս տողերով կ՚ուզեմ դարձեալ կամուրջ մը նետել, կամ ունեցած կամուրջիս վրայով հասնիլ եւ կապուիլ անխտիր բոլոր ընթերցողներուս, որպէսզի օրուան խորհուրդին մէջ փաթթուած, կրկին պարզեմ միտքս:

ՍՐՏԻ ԽՕՍՔ՝ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՍԱՀԱԿՕՂԼՈՒԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ

Երանաշնորհ Գարեգին Պատրիարք Խաչատուրեան 1954-ին ժողովուրդին ուղղուած հայրական խօսքին մէջ կը գրէր. «…Տարակոյս չի կայ, թէ յանձնառութիւններ ունինք հանդէպ մեր ժողովուրդին, բայց կասկածէ վեր է, թէ մեր ժողովուրդն ալ պարտականութիւններ ունի իր իսկ հանդէպ։ Ուրեմն կը նոյնացնենք մեր յանձնառութիւններն ու իր պարտականութիւնները եւ կը խօսինք ասոնց մասին։

90-ԱՄԵԱԿ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ. ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ԳԱՍՊԱՐԵԱՆ (1882-1935) ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԱԹՈՌԻ ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ԴՊՐԵՎԱՆՔԻՆ

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Արմաշական միջին սերունդի ընտիր հոգեւորականներէն մին էր Շահէ Արքեպիսկոպոս Գասպարեան, ծննդեամբ Այնթապցի եւ սննդեամբ Արմաշու դպրեվանքի վերատեսուչ Եղիշէ Եպիսկոպոս Դուրեանի շունչին տակ, որմէ 1904 թուականին քահանայական ձեռնադրութիւն կը ստանային Չարխափանի Սուրբ Աստուածածին Մայր տաճարին մէջ չորս օծակիցներ միասին։

ՍԱՐՍԱՓԵԼԻՆ՝ ՄՏԱՅԻՆ ՍՏՐԿՈՒԹԻՒՆԸ

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Ստրուկ: Գերի: Հպատակ: Ծառայ: Այս բառերուն իմաստը բառարաններուս մէջ, երկար-բարակ փնտռեցի, եւ բոլոր բացատրութիւններուն ու հոմանիշներուն մէջէն, հետեւեալը ընտրեցի.-  «Ստրուկ = ուրիշին մասնաւոր սեփականութիւնը հանդիսացող մարդ»:

ՄԵՐ ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՄԱՅՐԵՐՈՒՆ

2021 տարիներ առաջ քարայրի մը մէջ ապրող անասուններուն միջեւ փոքրիկ մը ծնաւ։ Մայր մը անհուն գուրգուրանքով ծռեցաւ վրան, ժպիտ մը ծաղկեցաւ անոր շրթներուն վրայ ու իր ուրախ դէմքը լուսաւորուեցաւ մայրական յաղթանակի ճառագայթներով։

Էջեր