ԱԶԱՏԱՄՏՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Ազատամտութիւն»ը իր ամենալայն առումով կը նշանակէ անկաշկանդ միտք ունենալ, իւրայատուկ սկզբունքներու տէր ըլլալ, ազատօրէն մտածել եւ նախապաշարումներէ, կանխակալութիւններէ զե՛րծ մնալ։
Ազատամտութիւն այս իմաստով մարդս կատարելութեան առաջնորդող ապահով ճամբայ մըն է։