ՄԵՂՔԵՐԷ ԱԶԱՏԻԼ ՇՆՈՐՀՔՈՎ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մեծ պահքի ներկայ շրջանը ներհայեցողութեան, ինքնամփոփման եւ մանաւանդ մեղքերու իշխանութենէն շնորհքին ազդեցութեամբ ազատելու բարեպատեհ շրջան մը եւ այս իմաստով յարմարագոյն առի՛թ մըն է։
Պօղոս Առաքեալ Հռովմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ կ՚ըսէ. «Ալ հիմա ի՞նչ պիտի ըսենք.- մեղքերու մէջ մնա՞նք արդեօք, որ շնորհքը շատնայ։