ՍՏՈՐԱԿԱՅՈՒԹԵԱՆ ԲԱՐԴՈՅԹ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ամէն մարդ արժէ՛ք մըն է, եւ իւրաքանչիւրը ունի յատկութիւն մը, շնորհ մը եւ ձիրք մը։ Կարեւորը՝ մարդուն իր արժէքին, իր ձիրքերուն անդրադառնալն է եւ մանաւանդ չբաղդատել ինքզինք ուրիշի հետ եւ կարծել, որ ինք թերութիւններ ունի եւ տկար է իր շուրջիններուն նկատմամբ։