Հոգե-մտաւոր

ՀԱՆԴՈՒՐԺՈՂԱԿԱՆ ՈԳԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ, ինչպէս մարմնով եւ արտաքին տեսքով, նո՛յնպէս ալ մտքով իրարմէ տարբեր են ստեղծուած, եւ շատ բնական է որ մէկզմէկէ տարբերին թէ՛ մարմնական կազմով եւ թէ՛ խորհելու, տրամաբանելու, դատելու եւ որոշելու ուղղութեամբ։ Ասիկա բնական է բանական էակին՝ մարդուն համար, քանի որ բանականութիւնը լայն մտային հորիզոն մը կը ստեղծէ՝ ուր կը գտնուին տարբեր կարծիքներ։

ՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՌԵԼՈՑ՝ ՄՈՒՏՔ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԻՆ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Երբ մեծ բերկրանքով կը տօնենք Սուրբ Յարութեան տօնը մենք՝ երկրաւորներս, անշուշտ պէտք չէ՛ մոռնանք նաեւ ննջեցեալները՝ որոնք կ՚ապրին հոգեպէս եւ մուտք են գործած Տիրոջ յաւիտենական կեանքին։ Ուստի պէտք է մասնակից ընել ննջեցեալները մեր երկրային ուրախութիւններուն։

ՅԱՐՈՒԹԵԱՆ ԲԵՐԿՐԱՆՔ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Եթէ Քրիստոսի հետ մեռանք՝ իրեն հետ ալ պիտի ապրինք։ Եթէ համբերենք՝ իրեն հետ ալ պիտի թագաւորենք։ Եթէ զԻնք ուրացանք՝ Ինքն ալ մեզ պիտի ուրանայ։ Եթէ նոյնիսկ մենք հաւատարիմ չմնանք՝ Ինք հաւատարիմ կը մնայ, որովհետեւ չի կրնար ինքզինքին հակասել» (Բ ՏԻՄ. Բ 11-13)։

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւագ ուրբաթ օրը կը խորհրդանշէ արարչութեան վեցերորդ օրը։ Աւագ ուրբաթ, Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, խաչելութեան, մահուան եւ թաղման յիշատակութեան օրն է նաեւ։

ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւագ հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերը եւ թռչունները։ Այս օրը ունի նաեւ հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդը՝ երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի եւ ծովի մէջ, անապատի մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան եւ ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրներէն։ (ԵԼՔ. ԺԲ, ԺԶ, ԺԷ)։

ԱՒԱԳ ՉՈՐԵՔՇԱԲԹԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

​Աւագ չորեքշաբթին յիշատակն է արարչութեան չորրորդ օրուան, երբ Աստուած ըսաւ.- Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէսզի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։ Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէսզի երկրի վրայ լոյս տան։ (ԾՆՆԴ. Ա 14-15)։

ԱՒԱԳ ԵՐԵՔՇԱԲԹԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հայ Առաքելական Եկեղեցին հինէն ի վեր տօնած է Սուրբ Աւետման սքանչելի՜ եւ մե՛ծ տօնը։
Հաստատուն, անշարժ տօն մըն է Աւետման տօնը, որ ամէն տարի կը տօնուի ապրիլ 7-ին։

ԱՒԱԳ ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Աւագ շաբթուան առաջին օրն է՝ Աւագ երկուշաբթի։ Ան կը խորհրդանշէ արարչութեան երկրորդ օրը, երբ Աստուած ջուրերը բաժնեց իրարմէ եւ արարչագործեց երկինքի հաստատութիւնը։ (ԾՆՆԴ. Ա 9-13)։

ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յիսուսի ճամբորդութիւնները միշտ հետիոտն կատարուած են, եւ աւետարաններու մէջ բնաւ ակնարկութիւն չկայ՝ որ երբեմն կամ գոնէ շատ յոգնած ատեն ձի կամ էշ գործածած ըլլայ. որով այս անգամ, Երուսաղէմ իր գալուստը «յաւանակի հեծելութեամբ», նորօրինակ հանդիսաւորութիւն մը նկատուած է։

Էջեր