ԱՊԵՐԱԽՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՄԵՐԺՈՒՄ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կա՞յ արդեօք աւելի վատ զգացում մը քան «իրեններէն» մերժուիլ եւ ապերախտութեամբ վիրաւորուիլ։
Մարդ երբ կը վստահի մէկու մը՝ կը սպասէ, որ ան միշտ հաւատարիմ մնայ ներշնչած վստահութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կա՞յ արդեօք աւելի վատ զգացում մը քան «իրեններէն» մերժուիլ եւ ապերախտութեամբ վիրաւորուիլ։
Մարդ երբ կը վստահի մէկու մը՝ կը սպասէ, որ ան միշտ հաւատարիմ մնայ ներշնչած վստահութեան։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Աստուած մարդուն կը հպի երեք գլխաւոր ոլորտի կամ շրջանի մէջ. նախ՝ Բնութեան ոլորտին մէջ, յետոյ՝ Բարձրագոյն արժէքներու ոլորտին մէջ, եւ վերջապէս՝ Անձնական յարաբերութեան ոլորտին մէջ։ Մարդու տեսանկիւնէն դիտելով՝ ան եւս Աստուծոյ հետ կը հաղորդակցի այս երեք ոլորտին մէջ. նախ՝ իր զգայարաններուն միջոցաւ, երկրորդ՝ գնահատմամբ, եւ երրորդ՝ ուղղակի՛ աղօթքով եւ մտածութեամբ, խորհրդածութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը քանի որ պայքար մըն է, ուրեմն այդ պայքարէն յաղթական դուրս գալու համար պէտք է քա՛ջ ըլլալ։ Քաջութիւնը արիութիւն է՝ անվեհերութիւն, աներկիւղութիւն, որուն մէջ են համարձակութիւն, անվհատութիւն, հաստատամտութիւն եւ յարատեւութիւն։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հին Ուխտի մէջ, Սուրբ Խաչի պաշտամունքի տեղ, կար, գաւազանի երկրպագութիւնը՝ որ նախակարապետը կը հանդիսանար խաչի նշանին։
Ինչպէս յայտնի է, Հին Ուխտը պիտի ծառայէր Նոր Ուխտին «շուք»ը ըլլալու՝ որպէսզի Քրիստոսի նոր վարդապետութեան խորհրդանշանները աւելի՛ հասկնալի եւ դիւրըմբռնելի դառնան մարդոց։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը կը շարունակէ իր բնական ընթացքը, տարիներ կը յաջորդեն տարիներու, շատ բաներ կը փոխուին, մարդիկ ալ փոփոխութիւններու կ՚ենթարկուին, եւ այսպէս տարի՜ներ կ՚անցին…։
Եւ ահաւասիկ կը մօտենայ նոր տարի մը՝ Կաղանդ մը, մարդիկ հետզհետէ կը պատրաստուին դիմաւորել «նոր տարի» մը եւս, նոր յոյսերով, նոր փափաքներով, նոր կեանքի մը ակնկալութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յայտնի իրողութիւն մըն է՝ այնպէս կազմուած է մարդկային մարմինը, որ շարունակական աշխատանքի չի՛ կրնար դիմանալ, հետեւաբար աշխատանք եւ արձակուրդ՝ գործ եւ դադար պէտք է ներդաշնակօրէն կապուին մէկզմէկու։ Արդարեւ, մարմնի աշխատութիւնն ալ այնպէս է. բազկերակները դաշնաւորուած կը բաբախեն՝ զարկ մը եւ ապա դադար մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Կեանքը, որ անվերջ պայքար մըն է, մարդ ապրելու եւ վայելելու համար զայն, անպայմա՛ն կարիքը ունի լուրջ պատրաստութեան՝ ուսումի, մտաւոր աշխատանքի եւ մանաւանդ փորձառութեան։ Առանց պատրաստուելու կեանքի պայքարին մղուիլ՝ կը նշանակէ ընդունիլ արդէն այդ պայքարին մէջ պարտութիւնը, քանի որ այդ պայքարը անողոք եւ անգո՛ւթ է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Երանելի՜ է մանաւանդ տալը քան առնելը», (ԳՈՐԾՔ. Գ 35)։ Որքան ալ որ մարդ գիտնայ, թէ տալը աւելի երջանկաբեր է եւ երանելի, ան միշտ կը նախընտրէ առնել, տեւական իւրացնել եւ երբեք չկորսնցնել իր ունեցածը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տիեզերական պայքարի մէջ են մարդիկ՝ անվերջ պայքարի մը մէջ, անհատապէս եւ հաւաքապէս։ Մարդիկ կ՚ապրին «կեանք» մը միշտ երկունքով եւ պայքարով այն անտեսանելի ուժերուն դէմ՝ որոնք որեւէ կերպով կը փորձեն դժուարացնել կեանքը, արգելք հանդիսանալով երջանկութեան, որ ամենամեծ նպատա՛կն է մարդ էակին։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յոյսը այն առաքինութիւնն է՝ որով մարդ կը բաղձայ իբր իր երանութիւնը ունենալ՝ ուրախ եւ երջանիկ կեանք մը, իր վստահութիւնը դնելով խոստումներու վրայ եւ ապաւինելով ո՛չ թէ իր ուժերուն, այլ գերիվեր, գերազանց ուժի մը օգնութեան։