ՀՈԳԵՒՈՐ ԲԱՐՁՐ ՄԱԿԱՐԴԱԿ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը բնոյթով անձնասէր է, եւ այդ իսկ պատճառով տեւական կը հետապնդէ զօրութիւն, քաջութիւն, փառք-պատիւ եւ յաղթութիւն։ Այս իմաստով տկարութիւն կը նշանակէ ամէն տեսակի պարտութիւն եւ կորուստ, որ կը վիրաւորեն իր անձնականութիւնը եւ արժանապատուութիւնը։