ՄԱՅՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՞նչպէս բացատրել մայրութիւնը, ի՞նչ կերպով նկարագրել զայն, եթէ ոչ պարզապէս ըսել, մայրութիւնը մարդկութեան գագաթնակէտն է՝ ամենաբարձր աստիճանը, ծայրագոյն դիրքը՝ զենի՛թը։
Արդարեւ, մայրը, ծնող կին-մարդը, կերպով մը գործակիցը եւ գործակատա՛րն է Աստուծոյ՝ Իր արարչագործութեան եւ նախախնամութեան գործին։