ԻՆՔԶԻՆՔ ԱՐԴԱՐԱՑՆԵԼ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդիկ ընդհանրապէս, իրաւացի կամ անիրաւ, իրենք զիրենք արդարացնելու համար ջանք կը թափեն, եւ ամէն միջոցի կը դիմեն ապացուցանելու համար, որ արդար են եւ իրաւացի։ Անշուշտ մարդիկ երբ կ՚աշխատին իրենք զիրենք արդարացնել՝ բնականաբար կը մեղադրեն մէկ ուրիշը, անոր անիրաւութիւնը հրապարակելու համար ճիգ կը թափեն։