ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԱԶԱՏՈՒԹԻՒՆ
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ինչպէս աւելի առաջ անդրադարձած էինք, «ազատութիւն»ը իր ամենալայն իմաստով, կամքին եւ իմացականութեան մէջ արմատացած «կարողութիւն»ն է գործելու կամ չգործելու, ընելու այս կամ այն, եւ կամ չընելու, ինքնակամ վճռելու կատարելիք գործեր, կը նշանակէ։ Ուստի ինքնակամութեամբ իւրաքանչիւր ոք տէ՛ր է իր անձին։